ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ԱՂՕԹԱՐԱՆ ՄԱՏՈՒՌԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական

malatya 3Մալաթիոյ Հայոց Գերեզմանատան աղօթարան մատուռը 29 Յունիս 2013, Շաբաթ երեկոյ կատարուած արարողութեամբ պաշտամունքի բացուեցաւ։

Այս առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Ուրբաթ առաւօտ օդային ճամբով Մալաթիա ժամանեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան, ընկերակցութեամբ տեղեկատուական բաժինէն Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանի։

Գրիգոր Աւ. Քահանայ եւ Արթուն Սրկ., Ուրբաթ ժամը 8.00-ին հասան Մալաթիա եւ ուղղուեցան գերեզմանատուն, եւ աչքէ անցուցին տեղուոյն վրայ կատարուած աշխատանքները։ Գերեզմանատան մէջ առաջին առթիւ աչքի կը զարնէր տիրող կանոնաւորութիւնը եւ մուտքի բաժնին մէջ տիրող մաքրութիւնը։ Նոր կառուցուած քարաշէն միայարկանի աղօթարան մատրան շէնքը ունէր հոգետուն՝ իր բոլոր սարքաւորումներով եւ նաեւ փոքրիկ սրահ մը։ Շէնքը կառուցուած էր նախաձեռնութեամբ՝ Մալաթիա ՀԱՅՏԷՐ Միութեան եւ ճառտարապետութեամբ՝ Գէորգ Էօզքարակէօզի։ Այս առթիւ Մալաթիացի Հայերու բարերութեամբ ու Արման Թապաշի ձեռամբ շինուած էր շատ գեղեցիկ փայտաշէն սեղան մը, որ տեղադրուած էր եկեղեցւոյ բեմին վրայ։ Նաեւ Քէնան Վարդանալըի կողմէ եւ իր անձնական ծախքով շինուած էր գերեզմանատան արտաքին դուռը։

Առաջին քննարկումներու աւարտին, Անոնք անցան Թապաշ ընտանիքի բնակարանը, ուր կատարեցին փոքրիկն Հեղինէի Ս. Մկրտութեան խորհուրդը, ներկայութեամբ քաղաքի մերազն հաւատացեալներուն։

Ժամը 16.00-ին դարձեալ գերեզմանատուն երթալով տեղադրեցին Ս. Սեղանի Աստուածամօր սրբանկարը։ Ապա եկաւ Մալաթիա ՀԱՅՏԷՐ Միութեան ատենապետ՝ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուն եւ տեղեկութիւն տուաւ բացման առթիւ տեղի ունանենալի հանդիսութեան մասին։ Նկարի տեղադրումէն յետոյ, եկեղեցւոյ բեմը եւ սուրբ սեղանը մաքրուեցան «Տարածեալ»ի երգեցողութեամբ։ Մինչ այդ, Մալաթիա հասնելու սկսած էին Ստանպուլէ եւ արատասահմանէ ժամանած Մալաթիացիներ։

ԱՂՕԹԱՐԱՆ ՄԱՏՈՒՌԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ
Գրիգոր Աւ. Քահանայ եւ Արթուն Սրկ. առաւօտուն մատրան մէջ կատարեցին Ս. Սեղանի սրբանկարին եւ քառաթեւ խաչի օծումը։ Արորողութենէ յետոյ պատրաստական աշխատանքները իրենց աւարտին հասնելով, աղօթարանի դռները փակուեցան։

Ժամը 16.30-էն սկսեալ նախկին Մալաթիացիներ եւ քաղաբնակ մերազն ժողովուրդը, հաւաքուեցան գերեզմանատան պարտէզը։ Մինչ այդ կը ժամանէին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ որոնք կը դիմաւորուէին Մալաթիա ՀԱՅՏԷՐ Միութեան վարչութեան անդամներուն կողմէ։ Այս առթիւ ներկայ էին Մալաթիոյ երեսփոխան Վէլի Աղպապա, Մալաթիա Եշիլյուրտի քաղաքապետ Մէհմէթ Քօնուք, Նահանգապետարանի Ընդհանուր Ժողովի ատենապետ Նաճի Շավաթա, ՔՈՒՏԷՓ-ի նախագահ Լէվէնտ Իսքենտէրօղլու, Մալաթիոյ Միւֆթիւ՝ Հաճը Եուսուֆ Կիւլ, Հաճը Պէքտաշը Վէլի Միութեան ատենապետ Հասան Մէշէլի եւ Ճէմ Հիմնարկի ատենապետ Էշրէֆ Տօղան։

malatya 10Ժամը 17.00 գերեզմանատան մուտքի բացաստանի մէջ սկսաւ բացման հանդիսութիւնը։ Այս առթիւ Մալաթիա ՀԱՅՏԷՐ Միութեան ատենապետ՝ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու իր ողջոյնի խօսքով հանդես եկաւ։ Ապա իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին  Հաճը Պէքտաշը Վէլի Միութեան ատենապետ Հասան Մէշէլի, Ճէմ Հիմնարկի ատենապետ Էշրէֆ Տօղան եւ հուսկ՝ Մալաթիոյ Միւֆթիւ՝ Հաճը Եուսուֆ Կիւլ։ Բոլոր խօսողները ընդգծեցին մարդասիրութեան, եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ առողջ համակեցութեան կարեւորութիւնը հաւաքականութեանց առօրեայ կեանքէն ներս։ Պաշտօնական խօսակցութիւններէն յետոյ, սկսաւ նաւակատիքի արարողութիւնը։

Աղօթարան մատրան մայր դրան առջեւ կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն. որմէ յետոյ ներկաներ նաեւ պաշտօնական անձինք առաջին անգամ մուտք գործեցին սրբատեղիէն ներս։ Մինչ Մալաթիաբնակ մերազն ընտանիքներու երկու պատանիները ռեհանի ճիւղերով օրհնեալ ջուր կը սրսկէին պատերուն։ Կանոնական երկրպագութեան աղօթքէն յետոյ Գրիգոր Աւ. Քահանան եւ Արթուն Սրկ. բեմ բարձրացան ու աղօթքներով եւ երգեցողութեանմբ օրհնեալ ջուրով եւ գինիով մաքրուեցան եկեղեցւոյ աւագ եւ գովնտի սեղաններու վէմքարերը։

malatya 2Յետոյ կարգաւ օծուեցան վէմ քարերը. մայր սեղանը՝ յանուն Ս. Աստուածածնի, աջակողմեան սեղանը՝ յանուն Ս. Յովհաննէս Մկրտչի, ձախակողմեան սեղանը՝ յանուն Ս. Սարգսի Զօրավարին, ապա՝ յանուն առաքեալներու, Ս. Մարկոս եւ Ս. Ղուկաս Աւետարանիչներու, Ս. Պօղոս Առաքեալի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւոչի անուան ընծայուած սիւները եւ բեմը։ Աղօթարան մատուռը ընծայուեցաւ յանուն Քրիստոսի Ս. Յարութեան։

Կանոնական աղօթքներէն յետոյ, Տէր Հայրը խօսեցաւ խրատական մը։ Նախ եւ առաջ փառք տուաւ Ամենակալին Աստուծոյ, որ պարգեւած էր նորակառոյց աղօթարանին մէջ Իր փառքը երգելու առիթը։ Ողջունեց նաւակատիքի արարողութեան եւս իրենց մասնակցութիւնը բերած պաշտօնական անձնաւորութիւնները եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը։

malatya 9Քաղաքի մերազն փոքրաթիւ համայնքի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց պետութեան եւ պետութեան հովանիին ներքեւ գործող անխտիր բոլոր պաշտօնական անձնաւորութիւններուն եւ բոլոր անոնց որոնք որպէս սրտակից բարեկանմեր բարի դրացնական զգացումներով եկած էին բաժնելու ժողովուրդի մը ուրախութիւնը։ Ընդգծեց թէ այս կառոյցը իրականացած էր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ։ Ոմանք իրենց նիւթականով, ոմանք իրենց աշխատանքով, ոմանք ալ իրենց նմանին նկատմամբ ունեցած մարդասիրութեան զգացումներով եկած էին իրենց ներդրումը դնել այս շինարարական գործին։ Անդրադարձաւ Յովհաննու Աւետարանչի ընդհանրական նամակի այն պարբերութիւնը ըստ որուն Աստուածսիրութիւնը եւ մարդասիրութիւնը, անբաժան էին իրարմէ։ Նաեւ շեշտեց թէ սէրը կը վանէր երկիւղը։ Իսկ ճշմարիտ աստուածասէրը այն էր որ չէր վախնար իր նմանը սիրելէ։ Այս առթիւ յիշեցուց թէ այս կառոյցը ուրախացուցած էր տեղւոյն փոքրաթիւ համայնքը, եւ մաղթեց որ ամէն անոնք որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս ժողովուրդի ուրախութեան, արժանան աստուծոյ օրհնութեանց։ Աղօթեց որ, խաղաղութիւնը եւ եղբայրսիրութիւնը թեւածէ բոլոր հաւաքականութեանց վրայ եւ Աստուածային օրհնութեամբ չքանան չարիքները, ատելութիւնները եւ մարդիկ գիրկընդխառնուին իրարու հետ եղբայրսիրութեամբ։

Նաւակատիքի արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ երեկոյան կիրակամուտքի ժամերգութիւն, եւ ապա հագստեան կառք Մալաթիա ՀԱՅՏԷՐ միութեան ի Քրիստոս ննջած անդամներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Յաւարտ արարողութեան ներկաներ այցելեցին իրենց հանգուցեալ պարագաներու դամբարանները։ Իսկ Իսա Վարդանալը մահուան տարելիցին առթիւ, իր դամբարանին վրայ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

malatya 7ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ԱՂՕԹԱՐԱՆ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

malatya 630 Յունիս 2013, Կիրակի առաւօտ հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Մալաթիոյ Գերեզմանատան մէջ ննջած բոլոր հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Նախ կատարուեցաւ գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւն։ Արարողութեանց ներկայ եղան Մալաթիաբնակ Հայեր։ Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան, Ս. Սեղանին սպասարկեց Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան։ Օրուան ճաշու գիրքը ընթերցեցին Մալաթիաբնակ պատանիներ։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Տէր Հայրը խրատական մը խօսեցաւ, եւ Աստուծոյ փառք տուաւ որ պաշտամունքի բացուած եւ օծուած գերեզմանատան աղօթարան մատրան մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը կը մատուցուէր։ Յիշեցուց Քրիստոսի խօսքը, իր Համբարձումէն առաջ որով իր աշակերտներուն կը թելադրէր մնալ Երուսաղէմ եւ սպասել հօրը խոստումին։ Յիշեցուց որ, Երուսաղէմը մեզի համար կը նշանակէ խաղաղութեան վայրը, որ է եկեղեցին եւ թելադրեց որ մեր ընտանեկան յարկերուն տակ օրինակ հանդիսանայ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը,որ Քրիստոսի Համբարձումէն յետոյ կÿառաջնորդէր առաքեալներու խումբը։ Ընդգծեց կարեւորութունը մեր ընտանեկան յարկերուն ներքեւ Աստուծոյ Խօսքին ընթերցման, որ կը պարգեւէ խաղաղութիւնը եւ կÿամրացնէ հաւատքը։

malatya 1Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ պաշտօն ի հանգիստ հոգւոցն գերեզմանատան մէջ ննջողներուն։

Ս. Պատարագի աւարտին, աղօթարար մատրան մուտքին տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։ Այս առթիւ, յանուն Մալաթիաբակ ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց Սէրտար Պօյաճըի, որ անձնուիրաբար գործած եւ հսկած էր այս շինարարական աշխատանքին։ Ապա Տէր Հայրը եւ Արթուն Սրկ., հովուական այցելութեան համար մեկնեցան Էլազըղ։

malatya 4