ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Յուլիս ամսուան սկիզբէն ի վեր, թէ թուրք եւ թէ հայ մամուլըհանրային կարծիքի ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Պոլսոյ ծովեզերեայշրջաններուն նաեւ Իշխանաց Կղզիներու մէջ ապրուած որոշդէպքերուն վրայ։ Լուրերէն ոմանք կը կրէին չափազանցեալհակազդեցութեան բնոյթ, ոմանք ալ կը ցոլացնէին երկրիիրականութիւնները։

Օրինակ. 14 Օգոստոս 2005, Կիրակի, Ս. Աստուածածնի ՎերափոխմանՏօնին, 18 եւ 25 տարեկան երկու երիտասարդներ, հակառակկատարուած դիտողութեան, մուտք գործած են Գնալը Կղզիի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ բակը,  եւ ցրուած՝ գրքոյկներ, մինչեկեղեցւոյ մէջ պաշտամունքը կը շարունակուէր։ Սոյն պարագանստուգուած է եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ։Երիտասարդներու ցրուած հրատարակութիւններըհակաքրիստոնէական էին, կը վարկաբեկէին ու կ՚անարգէինՔրիստոնէութիւնը։

Հանրապետւթեան օրէնքներուն համաձայն, որեւէ կրօնքի դէմվարկաբեկչական արտայայտութիւն յանձանք է։ Մնաց որ՝ նմանգրքոյկներու արարողութեան աւարտին տաճարէն մեկնողհաւատացեալներուն բաժնուիլը ծայր աստիճան գրգռիչ եւանհանգստացուցիչ պարագայ է։ Բնականաբար, ամէն հաւատացեալազատ է իր կրօնքը ջատագովելու կամ այլ անձերու քարոզելու։Սակայն կրօնից եւ խղճի ազատութիւնը իրաւունք չի տար, որ ուրիշիկրօնքը վարկաբեկուի կամ այդ կրօնքի հետեւորդները անարգուին։

Համաշխարհային կամ տեղական՝ միջ-կրօնական երկխօսութեանկարեւորութիւնը երբ մեր օրերուն աւելի քան երբեք շեշտուած է, այլկրօնքներ վարկաբեկելու ձգտումը պարզ է որ վնաս կը պատճառէերկխօսութեան առկայ մթնոլորտին, նաեւ արգելք՝ փոխադարձհանդուրժողութեան գործընթացի կայունութեան եւ պահպանման։ Այսպատճառաւ պատասխանատու անձինք պէտք է դիմեն հարկաւորբոլոր միջոցներու, եւ յատկապէս պէտք է արգելք հանդիսանան որեւէաղօթատեղիի առջեւ այդտեղ աղօթող հաւատացեալներու կրօնքին,խղճին եւ աւանդութեանց դէմ վարկաբեկիչ եւ նախատականգրքոյկներու եւ հրատարակութեանց ցրուումին։

Մեր երկրի հայրենակիցները, որպէս մովսիսական, քրիստոնէականկամ մահմետական հաւատացեալներ այսօր կ՚ապրին կողք կողքի, եւքաղաքակիրթ, ժամանակակից ու լուսամիտ քաղաքացիներէկ՚ակնկալուի, որ բացարձակապէս ընթացք չտան մթնոլորտը լարելունպատակով գործող անհատ կամ շրջանակներու տարածած անհիմն ուգրգրիչ զրոյցներուն։ Վերոյիշեալ տեսակի ամէն լուր կամ դէպքանմիջապէս պէտք է տեղեկացուի նախ ամենամօտիկ ապահովութեանկեդրոնին՝ առ ի քննութիւն, եւ ապա հոգեւոր պետերուն՝ առ իգիտութիւն։

Մեր համոզումն է, որ ամրան շոգին ծովեզերեայ շրջաններու մէջարձանագրուող անվայել որոշ շարժուձեւեր ու անհաճոյ որոշ դէպքերպէտք է դիմաւորուին հանդուրժողութեամբ, նկատի ունենալով երկրիայսօրուան պայմանները։ Առանձնակի եւ յատկապէս պէտք է նշուի, որամէն ոք պէտք է յարգէ համեստ կամ չունեւոր հայրենակիցներուծովեզերեայ բարիքներէն՝ արեւէն ու ծովէն օգտուելու բնականիրաւունքը։ Անյարմար լողազգեստ չօգտագործելու կամ անպատշաճվարուելու պարագաները պէտք է մեծաւ մասամբ վերագրելտնտեսական ու դաստիարակութեան պատճառներու։ Այնուհանդերձ,ամէն ոք պէտք է լայնախոհութիւն ցուցաբերէ, իսկ տեղականպաշտօնական մարմիններ նախատեսելով այցելուներու հաւանականթիւը, եւ գիտակցելով հարկաւոր ծառայական միջոցառումներապահովելու իրենց պատասխանատուութեան, իրենցպարտականութիւնը անհրաժեշտ է որ կատարեն առաւելաչալրջութեամբ եւ անթերիութեամբ։

ՄԵՍՐՈՊ
Պատրիարք Հայոց
 
29 Օգոստոս 2005