ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը, անցեալ 24 Ապրիլ 2017ին կազմակերպած արարողութեամբ յիշած է Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին նահատակուած Հայերն ու զոհուած բոլոր Օսմանեան հպատակ անհատները։ Այս տարի երրորդ անգամ է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռէճէփ Թայյիպ Էրտօղան այս իմաստալից օրուան առթիւ յատուկ պատգամ մը հրապարակելով կիսեց մեր ցաւը, որուն պատճառաւ մեծապէս զգացուած ենք։ Մարդասիրական առումով սոյն ուժեղ պատգամին ու մերձեցման համար շնորհակալ ենք Իրեն։

 

Յիշեալ պատգամին մէջ Հայազգի հայրենակիցներու կողմէ այս երկրին մատուցուած ծառայութիւններու նշումն ու անոնց խաղաղութեան, ապահովութեան եւ ուրախութեան տրուած կարեւորութիւնը համայնքային շրջանակներու մէջ դրական արձագանգ գտած եւ մեծ գոհունակութեամբ ընդունուած է։ Մեր երկրի միութեան ու միասնութեան համար անհրաժեշտ եղող առաջնորդութեան այն հասկացողութիւնը, որ այդ պատգամին մէջ տեղ գրաւած էր, բոլորիս համար անգին է։

 

Պատրիարքական Աթոռս հայրենակցական պատասախանատուութիւն կը նկատէ միշտ զօրավիգ ըլլալ Պետութեան առած այն բոլոր քայլերուն, որոնք պիտի ծառայեն Թուրքիոյ Հայոց մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու յարատեւութեան, ինչպէս արձանագրուած է պատգամին մէջ։

 

Այս առթիւ, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս ու համայնքիս, յարգալիր շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահին։ Միշտ աղօթող ենք մեր Պետութեան մշտական գոյատեւման համար։

 

 

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ