ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Kategori: Միջեկեղեցական

221
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 18 Օգոստոս 2005, Հինգշաբթի, առաւօտ ժամը 10.00-ին «Ֆրէնտ-Շիփ» նաւուն մէջ Աախընի թեմիԳերշ. Մոնս. Հայնրիխ Մուսսինկհո‎ֆ Եպիսկոպոսին հետ մասնակցեցաւ մամլոյ հանդիպումի մը ու պատասխանեց զանազան թերթերու թղթակիցներու հարցումներուն։

Նախ բացօթեայ կատարուող հանդիպումը, մերձակայ այլ նաւերու պատճառած աղմուկին պատճառաւ ապա փոխադրուեցաւ նաւուն երկրորդ յարկին վրայ գտնուող փոքր սրահը։
222
Գերմանացի, իտալացի եւ թուրք լրագրողներու հարցումները առաւելաբար կը կեդրոնանային Թուրքիա-Եւրոպա, մահմետական-քրիստոնեայ, կաթոլիկ-ուղղափառ փոխ-յարաբերութիւններուն վրայ։ Բաղդատութիւններ կատարուեցան տարբեր երկիրներու մէջ ապրող ազգային-կրօնական փոքրամասնութիւններու հարցերուն միջեւ։ Լրագրողները հետաքրքրուեցան նաեւ Եկեղեցւոյ երիտասարդութեան առաքելութեամբ։

Ապա Աախէնի Գերշ. Մոնս. Հայնրիխ Մուսսինկհո‎ֆ Եպիսկոպոսը Պատրիարք Հայրն ու իրեն ընկերացող երիտասարդները կէսօրուայ ճաշով պատուասիրեց գետափը գտնուող Հայաթ-Ռիճընսի հիւրանոցի ճաշարանին մէջ։
223