ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՀԻՒՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Ս. Աստուածածնայ Տաղաւարի առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի խնդրանքին ուղարկած էր երկու հոգեւորականներ, որպէսզի լրացնէին մեր կարիքները ու ոգեւորութիւն ստեղծուէր նաեւ մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Այսպէս, Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան եւ Արժ. Տ. Յովէլ Քհնյ. Գամաղէլեան 20 Օգոստոս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 16.300-ին, ընդունուեցան Տեղապահ Սրբազան Հօր կողմէ։

2019 ECMIADZIN HYURER

Հիւրերը իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Ստանպուլի իրենց կեցութեան առթիւ։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ գործունէութեանց մէջ։