ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԷՆ ԺԱՄԱՆԵՑԻՆ ԵՐԿՈՒ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

26169857_882783685214849_7105839889924724282_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի հրաւէրով ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի Տօնակատարութեանց մասնակցելու համար 2 Յունուար 2018, Երեքշաբթի առաւօտ, Մայր Աթոռէն Պոլիս ժամանեցին երկու միաբաններ՝ յանձինս Հոգշ. Տ. Կիւրեղ Վրդ. Դաւթեանի եւ Հոգշ. Տ. Դանիէլ Վրդ. Թումանեանի։ Հիւր հոգեւորականներ ներկայանալով Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնն ու ողջոյնը հաղորդեցին։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն ու ուրախութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեանը համար։ Հաճելի զրոյցի աւարտին, Սրբազան Հայրը բարի կեցութիւն մաղթեց հիւրերուն։ Կիւրեղ եւ Դանիէլ վարդապետները, Տաղաւարի արարողութիւններու մասնակցելէ յետոյ 8 Յունուար, Երկուշաբթի պիտի վերադառնան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։