Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդհանուր համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան առկայ հարցերուն շուրջ

Kategori: Փաստաթուղթեր

 

Փետրուարի 23-24-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկո-սի, տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցէին Հայոց Հովուապետի հրաւէրով Մայր Աթոռ ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքու-թեան միաբան երեք եպիսկոպոսները՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխա-նորդ Գերաշնորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Պատրիար-քութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:

Փետրուարի 23-ի հանդիպումէն առաջ, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Գարեգին, Արամ եւ Սահակ Սրբազանները այցելեցին Մայր Տա-ճար, ուր Իջման Ս. Սեղանի առջեւ միասնական աղօթք կատարեցին՝ Կ.Պոլսոյ դարաւոր Պատրիարքական Աթոռի պայծառութեան, առկայ մարտահրաւէրնե-րու յաղթահարման եւ պոլսահայ համայնքէն ներս խաղաղութեան ու համե-րաշխութեան վերահաստատման համար: Աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աս-տուած նաեւ Աթոռի հանգստեան կոչուած գահակալ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի համար, որ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի մէջ կը շարունակէ մնալ մշտական խնամքի տակ:
Երկօրեայ քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Կոս-տանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան կեանքի մէջ վերջին օրերուն տեղ գտած իրադարձութիւններուն, պատրիարքական ընտրութիւններու կազմա-կերպման գործընթացի շուրջ յառաջացած յուզումներուն ու տարակարծութիւն-ներուն:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սրբազան Հայրերուն յորդորեց Պատրիար-քական Աթոռի գերագոյն շահերու գիտակցութեամբ՝ բոլոր ջանքերը ի գործ դնել հոգեւորականաց միջեւ եւ պոլսահայութեան կեանքէն ներս փոխըմբռն-ման, հաշտութեան ու եղբայրասիրութեան ոգիի ամրապնդման համար: Նորին Սրբութեան թելադրութիւնն էր փոխհասկացողութեամբ եւ Հայաստանեայց Ա-ռաքելական Ս. Եկեղեցւոյ կանոններու ու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատ-րիարքութեան կողմէ որդեգրուած կանոնական եւ աւանդական ընթացակար-գերու պահպանութեամբ լուծման առաջնորդել պատրիարքական ընտրութիւն-ներու ամբողջ գործընթացը:
Ստեղծուած իրավիճակին եւ անոր հանգուցալուծման ուղիներուն վերա-բերեալ Սրբազան Հայրերու կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տրուեցան անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ, ներկայացուած տեսակէտներու շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ: Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միա-բանները նաեւ առանձնաբար քննարկեցին Պատրիարքութեան առջեւ ծառա-ցած մարտահրաւէրները:
Տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ քննարկումներու արդիւնքին ձեռք բե-րուեցաւ հետեւեալ ընդհանուր համաձայնութիւնը.
– Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի հրաւէրով Եկեղեցական համա-գումար ժողովը մինչեւ տարւոյս մարտի 15-ը կը կատարէ տեղապահի ընտրու-թիւն: Տեղապահի ընտրութեամբ, ըստ Եկեղեցւոյ կանոնակարգի, կը դադրին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի լիազօրութիւնները,
– Աթոռի միաբան եպիսկոպոսները հաւասար իրաւունք ունին ներկայաց-նելու իրենց թեկնածութիւնը տեղապահի ընտրութիւններուն,
– Տեղապահի ընտրութիւններէն վերջ Կրօնական ժողովը կը ստեղծէ եկե-ղեցականներէ եւ աշխարհականներէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը՝ օրէնքով սահմանուած կարգով Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին եւ ընտ-րուած տեղապահին միջեւ յանձնում-ընդունում կազմակերպելու համար,
– Տեղապահի ընտրութենէն յետոյ տասնօրեայ ժամկէտով կը կազմակեր-պուին Նախաձեռնարկ մարմնի ընտրութիւնները՝ ըստ Պատրիարքութեան ըն-կալեալ ընթացակարգերուն։ Նախաձեռնարկ մարմինը, իր հերթին, վեց ամ-սուան ընթացքին, տեղապահի գլխաւորութեամբ, կը կազմակերպէ Կոստանդ-նուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնը՝ ըստ գործող ընթացակարգերու,
– Նախաձեռնարկ մարմինը ամէն ամիս հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ Կրօնական ժողովին եւ հանրութեան՝ ընտրութիւններու կազմակերպման ուղ-ղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ,
– Եթէ պատրիարքական ընտրութիւնները տեղի չունենան վեց ամսուան ընթացքին, Կրօնական ժողովի հրաւէրով Պատրիարքութեան Եկեղեցական համագումար ժողովը եւ համայնքային հաստատութիւններու ատենապետնե-րու ժողովը իրենց վերապահուած լիազօրութիւններու շրջանակէն ներս կ’ա-ռաջադրեն տեղապահի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի նկատմամբ վստահութեան քուէի հարցը,
– Նախաձեռնարկ մարմինը ընտրական շրջանին հաւասար պայմաններ կ’ապահովէ պատրիարքական թեկնածուներուն՝ իրենց ընտրական քարոզչու-թեան իրականացման համար:
Փետրուարի 24-ին, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Տ. Ա-րամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան հանդիպում ունեցան Գերագոյն հոգեւոր խոր-հուրդի անդամ եպիսկոպոսներուն հետ։ Հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլջեան, իբրեւ պատրիարքական թեկնածուներէն մին:
Խորհրդակցութիւններու աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը փոխան-ցեց իր գնահատանքը Կ.Պոլսոյ միաբան եպիսկոպոսներու նկատմամբ՝ երկօ-րեայ ժողովներու ընթացքին դրսեւորուած յանձնառութեան համար՝ եղբայրա-կան ոգիով եւ նախանձախնդրութեամբ Պատրիարքութեան եւ պոլսահայու-թեան կեանքէն ներս ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղղուած ջան-քերուն բերումով: Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնները Պատրիարքութեան ուխտապահ եկեղեցականաց դասուն եւ հաւատաւոր ժո-ղովուրդին` մաղթելով Մեծի պահոց նուիրական շրջանին ընդառաջ Աստուծոյ զօրակցութիւնը իրենց հաւատի արթնութեան եւ ազգային-եկեղեցական կեան-քի շինութեան համար: