ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Կարճ լուրեր,Կրօնական

13007296_568071503352737_3927618467888345489_nԵրջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի ոգեկոչման հանդիսութիւններու մասնակցելու նպատակաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն Գերշ. Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեան, Հոգշ. Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեան եւ Հոգշ. Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեան, 16 Ապրիլ 2016, Շաբաթ ժամանած էին քաղաքս։

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող հոգեւոր հայրեր, 17 Ապրիլ 2016, Կիրակի առաւօտ, մասնակցեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ հանդիսութեանց։ Արարողութեանց մասնակցեցան՝ Տ. Գէորգ Եպիսկոպոս եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ.Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Տ. Պարթեւ Վարդապետը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն դպրաց դաս երգչախումբի կողմէ։

13007234_568071550019399_662595152816311206_nՆախ քան Տէրունական Աղօթքը աւուր պատշաճի քարոզեց Տ. Ռուբէն Վարդապետը։ Հայր Սուրբը, իր ուրախութիւնը յայտնեց, քանի ինք եւ միաբան եղբայրները յատկանշական ոգեկոչումի մը մասնակցելու նպատակաւ Պոլիս կը գտնուէին։ Նաեւ տեսնելով Սամաթիոյ ժողովուրդը, անգամ մը եւս համոզուած էր թէ Պոլսահայութիւնը իր հաւատքով ու ապրումներով պատնեշի վրայ կը գտնուէր։ Անդրադարձաւ Ս. Զատկի կեանքի խորհուրդի մասին եւ յայտնեց թէ Քրիստոսի Յարութեան ճանապարհը անմահութեան դուռը կը բանայ։ Այս շրջագիծով, յիշեց նաեւ մեծանուն Շնորհք Պատրիարքը, որ եղած էր Յարուցեալ Տիրոջ խօսքին քարոզիչը, եւ ան անմահութեան ճանապարհը գտած էր այս ուղղութեան մէջ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ, Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ։ Յիշատակուեցան նաեւ Գալֆայեան Ուխտի միաբան մայրերն ու քոյրերը։

13006759_568071540019400_6619100349811872538_nԵկեղեցական արարողութեանց աւարտին, հիւր հոգեւորականներ տեղւոյն թաղային խորհուրդի անդամներու կողմէ հիւրրընկալուեցան սիրոյ սեղանով։ Անմիջական մթնոլորտի մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին, Զաքէոս Ծ. Վրդ., յանուն Սամաթիոյ ընտանիքի անդամներուն ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ։ Ուրախութիւն յայտնեց թէ՛ հիւր հոգեւոր եղբայրներու հետ կը գտնուէր եւ ընդգծեց թէ՛ եկեղեցւոյ մէջ պարզուած տեսարանը, նկարն է նաեւ Մայր Աթոռոյ նկատմամբ հաւատացեալ ժողովուրդին ունեցած սիրոյ զգացումներուն։

Իր կարգին, Նորին Սրբազնութիւնը եւս ուրախութիւնը յայտնեց թէ իր միաբանակից եղբայրներուն հետ Պոլիս կը գտնուէր։ Կիրակիօրեայ արարողութեամբ, Ս. Պատարագի մասնակցութեամբ, անգամ մը եւս ականատեսը կը դառնար Պոլսահայութեան եկեղեցասիրութեան։ Ինք լսած էր սոյն տեսարանի մասին եւ այսօր վկան կը դառնար Պոլսահայութեան մասին եղած խօսքերու ճշմարտութեան։

Սիրոյ սեղանը աւարտեցաւ միաբերան արտասանուած աղօթքով։

Հիւր հոգեւորականներ, ապա Զաքէոս Ծ. Վրդ.ի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Շիշլիի Ազգ. Գերեզմանատունը, մասնակցելու համար Շնորհք Պատրիարքի շիրիմին մօտ կատարելի հոգեհանգստեան արարողութեան։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%D5%BD-%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%A3-%D5%A5%D6%82-%D5%B0%D5%B8%D5%A3%D5%A5%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A3%D5%AB%D5%BD%D5%BF/

Հիւր հոգեւորականներ, 18 Ապրիլ 2016, Երկուշաբթի, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ.ի կողմէ առաջնորդուեցան Եշիլգիւղի օդակայանը եւ Մայր Աթոռ վերադարձան։

Նկար՝ Արտա Կսրկ.

  • 942246_568071600019394_8411903539193653720_n
  • 13015383_568071570019397_419372251516256720_n
  • 13007296_568071503352737_3927618467888345489_n
  • 13043242_568071500019404_8291920849294014026_n
  • 13007234_568071550019399_662595152816311206_n
  • 13043355_568071560019398_7251679972359007833_n
  • 13051559_568071506686070_767448715102403049_n
  • 13006759_568071540019400_6619100349811872538_n