ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Երէց՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի 24 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի ժամը՝ 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Թաղային Խորհուրդի անդամները Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց աւանդական մատաղօրհնութեան, որ պիտի կայանայ 13 Հոկտեմբեր 2019 Կիրակի։

 

Անոնք Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր Վարժարանի հետ առնչուած զանազան հարցերու մասին։

MAYR 2019

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան գնահատեց իրենց ծառայութիւնը  ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։