ՄԱՏԱԿԱՍՔԱՐԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Մատակասքարի Հանրապետութեան Պատուակալ Հիւպատոս՝ Նէսրին Քարաասլան Գարատաղ 30 Ապրիլ 2018, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Մեծայարգ հիւրը եկած էր փափկավարական այցելութեամբ։ Ան փափաքեցաւ նաեւ համայնքային զանազան հարցերու շուրջ ծանօթութիւններ խնդրել։

MADAGASKAR CONS

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխանցեց տեղեկութիւններ։ Հիւր Հիւպատոսը, ապա, շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնեցաւ։