ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ԱՆՄԱՄՊԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

Maral Էսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի ներկայացուցիչներ, 1 Հոկտեմբեր 2014, Երկուշաբթի ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի հիմնադրութեան 35-ամեակի առթիւ կատարելի հանդիսութեան հրաւիրեցին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը։ Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14 Դեկտեմբեր 2014, Կիրակի օր։

Նորին Սրբազնութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց սոյն աշխատանքին համար եւ կարողութիւն մաղթեց «Մարալ»ի անդամներուն։