ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ԱՆՍԱՄՊԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

IMG_4852Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 4 Յունուար 2018, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Էսաեան Սանուց Միութեան «Մարալ» Երգի Պարի Անսամպլի ներկայացուցիչները՝ Մարիամ Տրամէրեան, Կարպիս Չափքան եւ Տայք Միրիճանեան։

Այցելուները միութեան մշակած ծրագիրները Տեղապահ Սրբազան Հօր ներկայացուցին եւ ի մասնաւորի անդրադարձան յառաջիկայ ամիսներուն կատարելի հանդիսութեան, որ կը կատարուի «Թաթուլ Ալթունեան» Երգի պարի անսամպլի 80 ամեակի ծիրէն ներս։ Աշխարհահռչակ սոյն խումբը, իր հիմնդրութեան տարեդարձին առթիւ պիտի այցելէ Պոլիս եւ Մարալի տղոց հետ համատեղ հանդէս պիտի սարքէ 11 Մարտ 2018, Կիրակի օր։ Անոնք Կարպիս Չափքանի առաջնորդութեամբ կատարուած աշխատանքներու մասին եւս տեղեկութիւններ տուին եւ Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին սոյն հանդիսութեան։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, սոյն այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց ու գնահատեց Մարալի ծրագիրը։ Սրբազան Հայրը, անդրադարձաւ մշակոյթի կարեւորութեան ու յայտնեց թէ նման միջոցառումներ վառ կը պահեն մշակութային կեանքը։ Այս առթիւ, յաջողութիւն ու կարողութիւն մաղթեց «Մարալ»ի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։