ՄԱՐԱԼ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 17 Յուլիս 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին ընդունեց Մարալ Երգի ու Պարի Համոյթի վարչայինները։ Հանդիպման ներկայ եղան Գեղարուեստական Վարիչ Կարպիս Չափքան, Տայք Միրիճանեան ու Տիգրան Տիւլկէրեան։

 

Հիւրերը նախ շնորհաւորեցին Նորին Սրբազնութիւնը ապա Մարալի հետ առընչուած զանազան հարցերու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։

2019 MARAL

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։