ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Kategori: Աշխարհական

Մարդկային Իրաւանց Միութեան Ստանպուլի մասնաճիւղին կողմէ 23 Օգոստոս 2005-ին հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ուր կը շօշափուին Գնալը Կղզիէ ներս վերջին շրջաններուն ծայր տրուած խնդիրները։ Այսպէս, Միութիւնը իրաւասուները պաշտօնի կը հրաւիրէ, Գնալը Կղզիէ ներս ոչ-մահմետականներու ուղղեալ սիսթեմաթիկ անհանգստութիւններու բերումով։

Հաղորդագրութեան  մէջ նշուած է, որ Գնալը Կղզիի մէջ դարերէ ի վեր կը բնակին ոչ-մահմետականներ, որոնք միջոցէ մը ի վեր կþանհանգստացուին ոչ-կղզեբնակ անձերու կողմէ։ Ծովափի մօտ բանաւոր անհանգստութիւններու եւ անարգանքի առընթեր, ոչ-մահմետական կղզեբնակներու դռները կը զանգուին, կը պահանջուի օգտագործել անոնց լուացարանները, աւազաններն ու պատշգամները։ «Կը բաւէ քիչ մըն ալ մենք օգտուինք»-ի նման յարձակողական  ոճով մը կþարտայայտուին այդ պահանջները։ Ուղղակի բնակարաններ մտնելով կþարտայայտուին այդ պահանջները, ինչ որ կþընկալուի իբրեւ սպառնալիք եւ մեծ անհանգստութեան տեղի տուած է։

Բաց աստի, լաչակաւոր կիներ նախապէս ճշդուած  քրիստոնեաներու բնակարանները կþայցելեն, ինքզինքնին ներս հրաւիրել կու տան եւ մահմետականութեան հրաւէրի արտայայտութիւններ կ՚ունենան, Քուրանէն հատուածներ կը կարդան։

Բազմաթիւ ընտանիքներ կը խրչտին հակազդեցութիւններէ, հետեւաբար կը պարտաւորուին զանոնք ներս ընդունելու եւ ունկնդրելու։ Ասոր առընթեր, եկեղեցւոյ արձակման ատեններուն կը բաժնուին բացիկներ։ Խնդրոյ առարկայ բացիկները դիտմամբ եկեղեցիներու մօտ կը բաժնուին։ Այս բանը շարժումի մը բնոյթը կը կրէ եւ ասոր հետեւանքով քրիստոնեայ քաղաքացիները ապահովութեան մէջ չեն կրնար կատարել իրենց պաշտամունքը։

Քրիստոնեայ խանութպաններու գործատեղիներուն ուղղեալ երեսակներ ալ կþունենան դէպքերը եւ ժողովուրդը կը խուսափի ապահովութեան ուժերուն դիմելէ՝ որպէսզի անծանօթ այդ անձերու աւելի հակազդեցութեան տեղի չտայ։

Մարդկային Իրաւանց Ստանպուլի մասնաճիւղը հաղորդագրութեան վերջաւորութեան կոչ կþուղղէ իրաւաուներուն եւ հանրային կարծիքին, որպէսզի անմիջապէս վերջ գտնեն այս անհանգստացուցիչ իրադարձութիւնները։

Ինչպէս ծանօթ է, Գնալը Կղզիէ ներս վերջին շրջաններուն ծագած այս անհանգստացուցիչ իրադարձութիւնները վերջերս շօշափուեցան նաեւ փոքրամասնութեան համայնքներու ներկայացուցիչներուն, ԱՔՓ-ի Ստանպուլի Նահանգային Կազմակերպութեան ղեկավարներուն եւ Կղզեաց Քաղաքապետ Ճոշքուն Էօզտէնի միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին։