ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի, Ս. Քառասուն Մանկանց Տօնի նախօրեակին Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիներուն ուխտագնացութիւն կը կատարուի եւ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Անցեալ տարի, Քորոնա Համավարակի պատճառաւ, բոլորովին ջնջուած էր այս ուխտագնագնութիւնը։kavar resimler (6)Այս տարի եւս, նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները կարելի պիտի չըլլար, Ստանպուլէ եւ արտասահմանէ բազմաթիւ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ ուղղուիլ դէպի Կեսարիա եւ Աղեքսանդրիկ։ Իսկ միւս կողմէ, Կեսարիոյ շրջակայքի, Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի մերազն ժողովուրդը առանձին չձգելու նպատակաւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, հոգեւոր հայրերէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ գաւառ։ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի գլխաւորութեամբ, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան Ստապուլէն ճամբորդեցին դէպի գաւառ, արարողութիւններ կատարեցին ու Պատրիարք Սրբազան Հօր հայրական ողջոյնները փոխանցեցին ներկայ ժողովուրդին։ Պատուիրակութեան միացան նաեւ Իսքէնտէրունի եւ շրջակայից Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան եւ թէքնիք պատասխանատու Ռաֆֆի Էթեէմէզ։ Իւրաքանչիւր արարողութեան ընթացքին, Պատրիարք Հայրը համացանցի դրութեամբ քարոզեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Կեսարիոյ, Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի ժողովուրդին։ Ներկաներ եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած պաստառներէն ուղիղ ձեւով ունկնդրեցին Մեր Հոգեւոր Պետին պատգամները։

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՅԱՆԸ՝ ԿԵՍԱՐԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով, Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը իրականացաւ, 11 Մարտ 2021, Հինգշաբթի առաւօտ։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Եւ Տ. Նաթան քահանաները։ Արարողութեան մասնակցելու համար Ստանպուլէն Կեսարիա փութացած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւրիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներ, Ատենապետ՝ Զատիկ Թօքէր, Համբօ Թանըշման եւ Կարօ Պաղտատ։ Տօնական այս արարողութեան, ներկայ էին նաեւ սակաւ թիւով հաւատացեալներ։kavar resimler (1)Յաւարտ Ս. Պատարագի, պաշտօն կատարուեցաւ Կեսարիոյ թեմի հանգուցեալ առաջնորդներուն, հոգեւոր հայրերուն եւ ժողովուրդին հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Արարողութեան աւարտին տեսասփռուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր պատգամը։ Պատրիարք Հայրը, նախ յայտնեց թէ շատ կը փափաքէր անձամբ նախագահել աւանդական այս ուխտագնացութեան, սակայն համավարակի պատճառաւ այս մէկը կարելի չէր եղած։ Բայց եւ այնպէս, ինք Պատրիարքարանի յարկէն կը միանար Կեսարիոյ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ցնծութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը ապա յիշեց Կեսարիոյ քաղաքի Քրիստոնէական տեսակետէ կարեւորութիւնը եւ ապա՝ եկեղեցւոյ պատմականին անդրադարձաւ։ Յայտնեց թէ՝ ներկայիս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին բարոյապէս կապուած բազում անձեր կը գտնուին։ Թէ՛ Կեսարացիներու եւ թէ՛ Հայոց համար կարեւորագոյն ուխտի կեդրոն մը ըլլալու հանգամանքը կը պահէ։ Հետեւաբար, ուխտի եւ աղօթքի տեսակէտէ իր խորհրդաւոր ներկայութիւնը կը պահէ Կեսարիոյ Եկեղեցին։

Պատրիարք Հայրը այս առիթով Զատիկ Թօքէրի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամները մեծապէս գնահատեց եւ իրենց գործունէութեանց մէջ յաջողութիւն մաղթեց։ Յայտնեց թէ, իրենց կատարած գործունէութիւնը առաւել եւս թանկագին կը դառնար, քանի անոնք կը սատարէին եկեղեցիի մը, որ ներկայիս մնայուն ծուխ չունէր։ Սակայն, նման ծառայութիւնը կը նշանակէր եկեղեցւոյ անցեալին հաւատարմութիւն։ Մեր Հոգեւոր Պետը, մաղթեց որ Քորոնա Համավարակի ազդեցութիւնը ի մօտոյ հեռանայ մարդկային իրականութենէն եւ առաջին առիթով իր ուխտի այցելութիւնը կատարէ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին։

Արարողութենէ յետոյ, եկեղեցւոյ վարչութեան անդամները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որուն տնօրինութեամբ եկեղեցւոյ մէջ Ս.Պատարագ կը մատուցուէր։ Այս առթիւ, ներկայ հոգեւոր հայերուն եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին, ըսելով թէ՝ եկեղեցին շէնցած էր իրենց ներկայութեամբ։

ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով, Իսքէնտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը իրականացաւ, 12 Մարտ 2021, Ուրբաթ առաւօտ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան եւ Տաւուտ Սարաչօղլու։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Արժ. Տ. Տրդատ Աւ., Տ. Շահէն եւ Տ. Աւետիս քահանաները։ Արարողութեան ներկայ էին Ատենապետ՝ Կարպիս Քըսատուրի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամներ եւ հաւատացեալներ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, պաշտօն կատարուեցաւ Իսքէնտէրունի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն եւ ժողովուրդին հոգիներուն խաղաղութեան համար։kavar resimler (7)Արարողութեան աւարտին տեսասփռուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր պատգամը։ Պատրիարք Հայրը, նախ իր ողջոյնը փոխանցեց Իսքէնտէրունի Եկեղեցւոյ համայնքի անդամներուն ու յայտնեց թէ համավարակի պատճառաւ կը բացակայէր։ Ապա, յատուկ ձեւով անդրադարձաւ Տ. Աւետիս Քահանային եւ ընտանիքին ու յայտնեց թէ աւելի քան 10 տարիներ առաջ Իսքէնտէրունի եւ շրջակայքի համար ձեռնադրուած էր Տէր Հայրը։ Ան մինչեւ այսօր թէ՛ իր ժողովուրդին, թէ՛ շրջակայից պաշտօնական մարմիններու եւ թէ՛ քոյր յարանուանութիւններու գնահատանքին արժանացած էր։ Այս մէկը անշուշտ թէ, արդարօրէն ուրախութիւն կ՚առթէր Պատրիարաքական Աթոռի մօտ։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատելով Տէր Հայրը, մաղթեց որ Իր ծառայութիւնը մնայ պայծառ, դառնալով մխիթարութիւն իրեն յանձնուած հօտին։

Պատրիարք Հայրը, աւելի վերջ անդրադարձաւ Ս. Քառասուն Մանկանց վարքագրութեան եւ իրենց նահատակութեան մասին խօսեցաւ։ Իրենց նահատակութիւնը արեամբ մկրտութեան լաւագոյն օրինակն էր։ Անոնք միացած ըլլալով Քրիստոսին, Անոր սիրոյն նահատակուած էին եւ ստացած՝ պսակներ։ Այս առիթով թելադրեց որ, մենք ալ տէր կանգնինք մեր մկրտութեան ուխտերուն եւ կատարեալ ձեւով օգտագործենք մկրտութեամբ մեզի շնորհուած շնորհքները։

Պատրիարք Հայրը այս առիթով Կարպիս Քըսատուրի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամները գնահատեց եւ իրենց գործունէութեանց մէջ յաջողութիւն մաղթեց։

Եկեղեցւոյ արարողութեանց աւարտին, հոգեւոր հայրեր համախմբուեցան Իսքէանտէրունի գերեզմանատան մէջ։ Կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով գերեզմանատան մէջ ամփոփուած հաւատացեալները, հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան։

Արարողութեան աւարտին Աւետիս Քահանան եւ Իսքէնտէրունի Ծխական Խորհուրդի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան հայրական հոգածութեան համար։ Այս առթիւ, ներկայ հոգեւոր հայերուն եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին, ըսելով թէ՝ եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը առաւել եւս ճոխ ու հոգեւոր ցնծութեամբ անցած էր իրենց եւս մասնակցութեամբ ու աղօթակցութեամբ։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով, Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, 13 Մարտ Շաբաթ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Բրկ. Միսաք Ուր. Դպ. Հէրկէլեան եւ Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Եւ Տ. Նաթան քահանաները։ Արարողութեան ներկայ էին Ատենապետ՝ Ճէմ Չափարի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամներ, Գիւղապետ Պերճ Քարթուն եւ հաւատացեալներ։kavar resimler (15)Արարողութեան աւարտին տեսասփռուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր պատգամը։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց թէ, Վաքըֆգիւղը յատուկ կարեւորութիւն ունի թէ՛ Պատրիարքութեան եւ թէ՛ անձնապէս իր մօտ։ Համավարակը արգելք եղած էր որ, ինք անձամբ չկարենար այցելել գիւղը եւ նախագահել ուխտագնացութեան։ Բայց եւ այնպէս համացանցի դրութիւնը օգտագործելով, գիւղացիներուն իր խօսքը ուղղելու առիթը մխիթարութիւն կը պատճառէր։ Համավարակի մթնոլորտի մասին խօսելով, յիշեցուց թէ ժխտական պայմանները նաեւ ազդած էին գիւղացիներու առօրեային։ Այս բոլորին մէջ գիւղի բարւոք ապագան կը յանձնուէր գիւղացիներուն եւ անոնց ճիշտ որոշումներն ու քայլերը պիտի փրկէին գիւղի ապագան։ Այս առիթով յիշեցուց թէ, տնտեսական պայմաններու պատճառաւ ներգաղթ կրնայ ըլլալ եւ ապագային գիւղի բնակչութիւնը առաւել եւս կրնայ բազմանալ։ Բայց եւ այնպէս, բոլոր պայմաններուն մէջ, շեշտեց որ գիւղացիներ առանձին չեն եւ իրենց մօտ ունին Պատրիարքական Աթոռն ու Պատրիարք Հայրը։

Պատրիարք Հայրը նաեւ կարեւորութիւնը շեշտեց աղօթքի կեանքին եւ ուրախութեամբ անդրադարձաւ գիւղի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Աւետիս Քահանային։ Գիւղացիներուն թելադրեց որ, հետեւին Տէր Հօր պատգամներուն, քանի ինք աւելի քան 10 տարիէ ի վեր որպէս հովիւ կը պաշտօնավարէր նաեւ Վաքըֆգիւղէն ներս։ Յիշեց նաեւ Գիւղի վարչայիններն ու բնակիչները եւ մաղթեց որ անոնք ձեռք ձեռքի տալով Գիւղը լաւ ձեւով պահել շարունակեն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեւորականներ Գիւղի Գերեզմանատունը համախմբուեցան եւ գիւղի երբեմնի աւագերէցներ՝ Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Քարթունեանի եւ Սերովբէ Աւ. Քհնյ. Կիւլեանի շիրիմներուն շուրջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ։ Այսպէս, գիւղի գերեզմանատան մէջ ննջող համայն հաւատացեալներ հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան։

Արարողութեան աւարտին Աւետիս Քահանան եւ Վաքըֆգիւղի Ծխական Խորհուրդի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան հայրական հոգածութեան համար։ Վաքըֆգիւղը, Թուրքիոյ միակ Հայկական գիւղը ըլլալու հանգամանքը կը պահէր եւ այս առիթով ուրախութիւն յայտնեցին որ Պատրիարքութեան հոգածութիւնը զգալի էր իրենց մօտ։ Այցելու հոգեւոր Հայրեր, առիթն ունեցան նաեւ համավարակի սահմանափակումներուն հնազանդ մնալով գիւղի բնակիչներուն հետ զրուցելու եւ Պոլսոյ զօրակցութիւնը յայտելու Վաքըֆլըգիւղին։

Ստանպուլէն ժամանած հոգեւոր հայրեր, աւարտելով ուխտագնացութիւնը, նոյն երեկոյեան վերադարձան Ստանպուլ։

 

 

  • kavar resimler (2)
  • kavar resimler (1)
  • kavar resimler (3)
  • kavar resimler (4)
  • kavar resimler (6)
  • kavar resimler (5)
  • kavar resimler (9)
  • kavar resimler (8)
  • kavar resimler (7)
  • kavar resimler (10)
  • kavar resimler (11)
  • kavar resimler (12)
  • kavar resimler (13)
  • kavar resimler (15)
  • kavar resimler (14)