ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ

Kategori: Եկեղեցական

Մեծ Պահոց աւանդական ուխտագնացութիւնը սկսաւ հոգեւոր հայրերու մեկնումով։ Արժ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեան, ընկերակցութեամբ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանի, 7 Մարտ 2013, Հինգշաբթի, միջօրէին, օդային ճամբով Կեսարիա մեկնեցան եւ իջեւանեցան Եկեղեցւոյ մերձակայ Քատըօղլու հիւրանոցը, ապա անցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, եւ կատարեցին պատրաստական աշխատանքները։ Աշխատանքներու աւարտին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ խաղաղական ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն։ Երեկոյեան, խումբին միացաւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՅԱՆԸ՝ ԿԵՍԱՐԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Kayserikay3kay2Ուխտաւորներ, 8 Մարտ 2013, Ուրբաթ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն օդային եւ ցամաքի ճամբով սկսան հասնիլ Կեսարիա։  Նոյն առաւօտուն Կեսարիա հասաւ նաեւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Նորին Սրբազնութիւնը Կեսարիոյ էրքիլէթ Օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Ծխական Խորհուրդի անդամներու ներկայացուցիչներու կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Մինչ այդ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուէր կանոնական ժամերգութիւն։

ժամերգութենէ յետոյ, ժամը 10.00-ին Եկեղեցւոյ զանգը կ՚աւետէր Ս. Պատարագի սկիզբը։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան, Բրկ. Արտէն Կսրկ. Տիքմէեան եւ Բրկ. Սեւան Ուր. Դպ. Քըրանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու եւ ուխտաւորներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Ճաշու գիրքը կարդաց Սահակ Սրբազան Հայրը։ Ճաշու Աւետարանը կարդաց Բրկ. Սեւան Ուր. Դպ. Քըրանեան։ Ս. Ընծայից վերաբերումը կատարեց Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան։

kayՔԱՐՈԶ

Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց հանդիսապետ Սրբազան Հայրը, ողջունելով ուխտաւոր ժողովուրդը։ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Կեսարիոյ կարեւորութեան, որ եղած էր մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր շինութեան օրրանը։ Ընդգծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վարքին կարեւոր շրջանները։ Շեշտեց  Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հաստատ եւ զօրաւոր հաւատքը, որով կրցած էր չուրանալ Քրիստոսը եւ դիմադրել արքայական հրամանին, որ կը պարտադրէր կուռքեր պաշտել։ Ան սիրով յանձն առած էր չարչարանքներու ենթարկուիլ եւ խոր վիրապ նետուիլ։ Սական Աստուածային տնօրինութիւնն էր, որ Ան խաւարէն դուրս գար եւ մեր ժողովուրդը լուսաւորէր Ս. Աւետարանի քարոզութեամբ։

Քարոզիչ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց ծխական խորհուրդի անդամներուն, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան պայծառ կը պահէին Կեսարիոյ մեր աղօթքի տունը ի նշան հաւատարմութեան մեր ժողովուրդի հոգեւոր արմատներուն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Կեսարիոյ պետական աւագանիին գլխաւորութեամբ Կեսարիոյ կուսակալին։

kay4ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Յաւարտ Ս. Պատարագի, պաշտօն կատարուեցաւ Կեսարիոյ թեմի հանգուցեալ առաջնորդներուն, հոգեւոր հայրերուն եւ ժողովուրդին հոգիներուն խաղաղութեան համար։

ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ԱՅՑ

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներ մեկնեցան դէպի Կեսարիոյ Հայոց գերեզմանատունը։ Այստեղ եւս հոգհանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան գերեզմանատան մէջ ամփոփուած հանգուցեալները։

Կեսարիոյ Ծխական Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Զատիկ Թօքէրի ճաշասեղան սարքեցին ի պատիւ Սրբազան Հօր եւ ներկայ հոգեւորականներուն։ Ատենապետ Զատիկ Թօքէր շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած արարողութեան համար,  որով շէնցած էր Կեսարիոյ պատմական եկեղեցին։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս շնորհաւորեց ծխական խորհուրդի աշխատանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար։ Այսպէս իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութեան Կեսարիոյ մասը։

Հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորաց  խումբը, նոյն օր ճամբայ ելան դէպի Իսկենտերուն։

kay5

ԺԱՄԱՆՈՒՄ ԴԷՊԻ ԻՍԿԵՆՏԷՐՈՒՆ

Հոգեւորականներու խումբը ճամբորդեց հանրաշարժով եւ ժամը 20.00-ին հասաւ Իսկենտէրուն, ուր դիմաւորուեցաւ Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց Երէց՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի եւ տեղւոյն Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի եւ փոխ ատենապետ Միքայէլ Թապաշեանի կողմէ։ Հոգեւոր հայրեր իջեւանեցան Օնթուր Հիւրանոցը։ Ուխտաւորաց հետ կատարուած ընթրիքէն յետոյ, ուխտաւորներ առիթը ունեցան զրուցելու Սրբազան Հօր հետ հոգեւոր եւ հաւատքի հետ առընչուած նիւթերու շուրջ։