ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

duyuru

Ծանօթ է, թէ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի համագործակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամները 12 Փետրուար 2021, Ուրբաթ առաւօտուն կատարուած քննութեամբ ստուգուած է թէ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորական դասու անդամներէն ոչ մէկը ազդուած է Քորոնա Համավարակէն։

Ուստի Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ Մեծ Պահոց ընթացքին մեր եկեղեցիներուն մէջ Արեւագալի Ժամերգութիւնները պիտի կատարուին եկեղեցւոյ երէցներու եւ իրենց անմիջական պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ։ Նաեւ քարոզիչ վեղարաւոր հոգեւորականներ որոշեալ թուականներուն կը հանդիսապետեն ու կը քարոզեն։

Արեւագալի ժամերգութիւնները պիտի սկսին ժամը 11.00-ին, իսկ քարոզիչի ներկայութեան պարագային՝ 10.30-ին։ Երկու պարագային ալ պիտի աւարտին ամէնէն ուշ ժամը 12.00-ին։

Նկատի ունենալով համավարակի տարածման հաւանականութիւնը ցնոր տնօրինութիւն Արեւագալի Ժամերգութեան աւարտին ջրօրհնէքի արարողութիւնը զանց պիտի առնուի եւ միայն հիւանդներու առողջութեան համար աղօթքի բաժինը պիտի կատարուի։

Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը բծախնդրօրէն պարտի յարգել ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը, թնչակապի եւ հականեխիչի գործածութիւնը, նաեւ՝ անձնագրի ու հեռաձայնի համարներու արձանագրութեամբ լիազօրուած պատասխանատուները եւ անոնց կողմէ կատարելի ջերմաչափի գործածութիւնը։

Մեծ Պահոց ընթացքին երթեւեկի փոխադրամիջոցներ յատկացնելու դրութիւնը վերջ գտած է։ Հաւատացեալներ պարտին նկատի ունենալ տարիքի եւ որոշ տարիք ունեցողներու համար դրուած սահմանափակումները, յատկապէս քաղաքի մէջ փոխադրամիջոցներէ օգտագործուելու պայմանները։

Աստուած արժանի ընէ, որ Մեծ Պահքի ապաշխարութեան եւ աղօթքի շրջանը իր բարերար ազդեցութիւնը գործէ բոլորիս վրայ եւ բոլորս արժանանանք տօնելու Աւագ Շաբաթը եւ Տիրոջ Սուրբ Յարութեան տաղաւարը։