ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր

Մեծ Պահոց Կեսարիոյ եւ Հաթայի աւանդական ուխտագնացութիւնը այս երեկոյ հոգեւորականներու խումբի մեկնումով կը սկսի։

Այս տարի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ  Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ ուխտագնացութեան կը գլխաւորէ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը։ Կը մասնակցին Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան, Բրկ. Սեւան Ուր. Դպ. Քըրանեան եւ ուրիշներ։

Քահանայ հայրեր 7 Մարտ 2013, Հինգշաբթի, կը մեկնին Կեսարիա, ուր պիտի կատարեն պատրաստական աշխատանքները։ Իսկ Սահակ Սրբազան Հայրը՝ Ուրբաթ առաւօտ կանուխ ժամերուն պիտի մեկնի Կեսարիա։

Ուխտագնացութեան առաջին կայանն է Կեսարիան։ Այստեղ, 8 Մարտ 2013, Ուրբաթ առաւօտ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի այցելութիւն պիտի տրուի տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։

Ուխտաւորներ նոյն գիշեր պիտի հասնին Իսկէնտէրուն, ուր յաջորդ առաւօտ՝ 9 Մարտ 2013, Շաբաթ, Ս. Քառասնից Մանկանց Տօնին եւ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ՝ Գերշ. Տ.Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Ապա այցելութիւն պիտի տրուի տեղւոյն գերեզմանատունը ուր եւս պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։

Իսկ յառաջիկայ 10 Ապրիլ 2013, Կիրակի առաւօտուն ուխտաւորներու խումբը պիտի այցելէ Մուսա Լերան Վաքըֆլը գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ վերջին կայանը պիտի ըլլայ սոյն ուխտագնացութեան։ Այստեղ եւս պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ եւ պիտի կատարուի արեւագալի ժամերգութիւն։ Արարողութեանց աւարտին, այցելութիւն պիտի տրուի տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։

Վաքըֆլը գիւղի Ս. Պատարագով աւարտած պիտի ըլլայ այս տարուան աւանդական ուխտագնացութիւնը։ Հոգեւոր հայրեր 11 Ապրիլ 2013, Երկուշաբթի գիշեր օդային ճամբով պիտի վերադառնան քաղաքս։