ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր

Մեծ Պահոց Կեսարիոյ եւ Հաթայի աւանդական ուխտագնացութիւնը այս առաւօտ հոգեւորականներու խումբի մեկնումով սկսաւ։

Այս տարի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ  Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ ուխտագնացութեան կը գլխաւորէ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանը։ Կը մասնակցին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց աւագերէց՝ Արժ. Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան, Ասողիկ Դպրաց Դաս Երչեխումբի դպրապետ՝ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ դպրաց դասու անդամները։

Ուխտագնացութեան առաջին կայանը պիտի ըլլայ Կեսարիան։ Այստեղ, 4 Ապրիլ 2014, Ուրբաթ առաւօտ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի այցելութիւն պիտի տրուի տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։

Յաջորդ առաւօտ, 5 Ապրիլ 2014, Շաբաթ, Իսկէնտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մուստն ի Վիրապի Տօնին առթիւ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի։  Ապա այցելութիւն պիտի տրուի տեղւոյն գերեզմանատունը եւ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։

Իսկ 6 Ապրիլ 2014, Կիրակի առաւօտուն ուխտաւորներու խումբը պիտի այցելէ Մուսա Լերան Վաքըֆլը գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ վերջին կայանը պիտի ըլլայ սոյն ուխտագնացութեան։ Այստեղ եւս պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ եւ պիտի կատարուի արեւագալի ժամերգութիւն։ Արարողութեանց աւարտին, այցելութիւն պիտի տրուի տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։

Հոգեւոր հայրեր 7 Ապրիլ 2014, Երկուշաբթի պիտի վերադառնան քաղաքս։