ՄԵՆ.Ս.ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՕՐՀՆԵՑ ՊԷԶՃԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Kategori: Համայնքային

60Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 10 Յունիս 2005 Ուրբաթ ուշ երեկոյեան մասնակցեցաւ Պէզճեան Մայր Վարժարանի 2005-ի շրջանաւարտներուն ի պատիւ շնորհաւորական ընթրիքին, որ սարքուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։

Հանդիսութեան ներկայ էին այս տարուան շրջանաւարտները, իրենց ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները, Պէզճեան Վարժարանի ուսուցչաց կազմը գլխաւորութեամբ Տնօրէն Սինայիր Եըլտըզեանի, Հոգշ. Հ. Սահակ Աբղ. Մաշալեան, Վարժարանի հիմնադրի տեղակալ Սեդրաք Քօնուեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները գլխաւորութեամբ Եփրեմ Պաղեանի, Հայաստանի Ազգային Գիտութիւններու Ակադեմիայէն Տքթ. Առայիկ Սարգսեան, Հայաստանի Ռոթարի ակումբի նախագահ Յովսէփ Սէֆէրեան եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորական ուղերձով օրհնեց 2005-ի շրջանաւարտ դասարանի աշակերտները, բարի երթ մաղթեց իրենց, յորդորեց հպարտ զգալ իրենց ազգային-կրօնական ինքնութեամբ, ըլլալ գիտակից հայրենակիցներ, աշխատասէր մարդիկ եւ լաւ հայ քրիստոնեաներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անձամբ յանձնեց շրջանաւարտ դասարանի յաջողագոյն աշակերտ՝ Նարօտ Թիւֆէնքճեանի շրջանաւարտութեան վկայականը։