ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՍԿՍԱՒ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Անուան Մարմնամարզական Փառատօնը, 23 Յուլիս 2019, Երեքշաբթի երեկոյեան, Գնալը Կղզիի մէջ, փառաշուք հանդիսութեամբ սկիզբ առաւ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ամառ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ  եւ Կազդուրման Կայանի գործակցութեամբ, մարզանքի ճամբով եւս կը յիշատակուի վախճանեալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը։ Այս բացառիկ հանդիսութիւնը կը գլխաւորէր Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, իր մօտն ունենալով՝ Կազդուրման Կայանի Տնօրէն Տկն. Լիզա Չօլաքողլուն, Ռաֆֆի Քալքը եւ Արաս Թոկաչը։

 

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ, 20.45-ին Կազդուրման Կայանի աշակերտութեան կազմած թափորով։ Անոնց կը միանային Կազդուրման Կայանի վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Արի Չօլաքի, տնօրէնութիւնը, անձնակազմը եւ խաղերու մասնակից կղզեբնակ մանուկներ։ Այնուհետեւ, անոնք ուղղուեցան Կազդուրման Կայանէն դէպի Կղզիի հրապարակը, ընկերակցութեամբ՝ Ռաֆֆի Տէրգէորգեանի առաջնորդութեամբ կազմուած նուագախումբին։ Խումբին կ՚առաջնորդէին Ներսէսեան Դպրաց Դասէ եւ Կազդուրման Կայանէ երկու պատանիներ՝ իրենց ձեռքը ունենալով, Մեսրոպ Պատրիարքի նկարազարդ պաստառը։ Խումբը մեծ ոգեւորութեամբ կատարեց այս հանդիսաւոր առաջին թափորը եւ իջաւ հրապարակ։

 

Կղզիի հրապարակին վրայ Ժամը 21.00-ին սկսաւ փառաշուք հանդիսութիւնը, նուագախումբի ընկերակցութեամբ, մանուկներու երգած «Կազդուրման Կայանի Քայլերգ»ով։ Այստեղ խումբին միացան նաեւ բազմաթիւ կղզեցիներ, որոնք եւս մեծապէս ոգեւորուեցան ու ոգեւորեցին Կայանի եւ Եկեղեցւոյ պատանիները։ Ապա, մանուկներ եւ մեծեր միասնաբար բնապահպանութեան համար գրի առնուած «Եկէ՛ք երգենք» երգը երգեցին ու ուղղուեցան դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Այս հանդիսաւոր ուղեւորութեան  պահուն ճրագներ եւս լոյս սփռեցին իրենց շրջակայքը։ Այնուհետեւ թափորը դանդաղ քայլերով հասաւ եկեղեցի եւ զանգակներու ղօղանջներով դիմաւորուեցաւ Յարութիւն Աբեղայի եւ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ՝ Լեւոն Շատեանի։

MESBAD OYUNLARI 1

Եկեղեցւոյ համալիրէն սփռուած շարականներու ձայնին ընկերակցութեամբ, թափորի մասնակիցներ համախմբուեցան եկեղեցւոյ զանգակատան մօտ։ Այստեղ, միաբերան արտասանուեցաւ Տէրունական Աղօթքը։ Ապա, եկեղեցւոյ զանգակատունէն սփռուեցաւ Մեսրոպ Պատրիարքի կենդանի ձայնը, որուն մէջ Պատրիարք Հայրը, ժողովուրդը կը հրաւիրէր արթուն ըլլալու եւ գործելու եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։ Այս պահուն բոլոր ներկաներ գիշերային մութին մէջ, իրենց ձեռքի մոմերու պլպլացող լոյսին տակ, արտասուալից աջքերով կը հետեւէին Պատրիարք Սրբազանի խօսքերուն։ Պատրիարք Սրբազան Հօր աւելի քան երեսուն տարի ծառայած եկեղեցւոյ համալիրին մէջ, այս առիթով կը վերակենդանանար իր խօսքերուն թողած ոգեւորիչ ազդեցութիւնը։ Հոգեւոր ու մշակութային պատգամներով լի այս խօսքերու աւարտին, Հայր Սուրբը, լուսաւորեց երկու ջահերը եւ ապա բոլոր ներկաներ միասնաբար երգեցին «Նախ Խնդրեցէք արքայութիւնն Աստուծոյ» երգը։ Հոգեւոր ապրումներով զեղուն այս հանգրուանի աւարտին, թափորը անգամ մը եւս կազմուեցաւ ուղղուելու համար դէպի Կազդուրման Կայանի Ճամպազեան Խաղավայրը։ Նուագախումբը, շարականները, զանգակները, երգերը, ծափերը, բոլորը կը բարձրացնէին հանդիսութեան փայլը։ Այնուհետեւ, երբ բոլոր խումբը եւ ներկաներ համախմբուեցան պարտէզին մէջ, նկարահանում կատարուեցաւ։ Ռաֆֆի Քալքի առաջնորդութեամբ, ներկաներ կ՚երգէին ու լոզունգներով կը ոգեւորէին իրենց շրջակայքը։

 

Հանդիսութեան բացման առիթով յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, Հայր Սուրբը, իր օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ։ Ան ըսաւ թէ՝ Մեսրոպ Պատրիարքը, Կղզիներու մէջ եւ մասնաւորապէս Գնալը Կղզիի վրայ անթիւ յիշատակներ թողած է։ Մշակութային ու մարմնամարզական նման հանդիսութիւններ, նման ոճով ու ամենայն հանսաւորութեամբ իր շրջանին ծնունդ առած են։ Իր յիշատակին կատարուած Փառատօնը եւս շառաւիղն էր Երանաշնորհ Պատրիարքի աշխատութիւններուն։ Հայր Սուրբը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպիչներուն եւ մասնաւորապէս գնահատեց Պատրիարք Սրբազան Հօր յիշատակը յարգելու շարուանակող բոլոր ներկաները։ Ապա, սկիզբ առաւ ոտնագնդակի մրցումը։

 

Հանդիսութեան ամենէն սիրալիր պահերէն էր երէց սերունդի անդամներու պատուոյ այս խաղը։ Այնուհետեւ, ունկնդիրներ, Անթօ Եշիլ, Էրօլ Արա Չնար, Շահնուր Քազանճը, Շանթ Չաքմաքճը, Ռոպէր Աղտէրէ, Լորան Ֆոսքոլո, Զարեհ Քարաքաշ եւ Յակոբ Մամիկոնեանի մասնակցութեամբ հաճելի խաղ մը դիտեցին։ Իրաւարարը եղաւ Մանուկ Սարայտարեան։ Մինջ այդ, հանդիսասրահին մէջ ամենէն հետաքրքրական տեսարանն էր նաեւ, Պատրիարք Սրբազան Հօր նկարով զարդարուած հսկայ պաստառը։ Խաղերուն ներկայ եղան նաեւ՝ Շիշլի Մարմնամարզական Խումբէն՝ Ալէն Թէքպըչաք եւ Թաքսիմ Մարմնամարզական Խումբէն՝ Կարօ Համամճեան։

MESBAD OYUNLARI 2

Այսպիսով, տասնեակ հոգիներու բուռն մասնակցութեամբ, Պատրիարք Սրբազանին նուիուած երեկոյթը ժամը 22.30-ին իր աւարտին հասաւ։ Հարկ է նշել թէ, խաղերը պիտի սկսին 25 Յուլիսին ու պիտի աւարտին 7 Օգոստոսին։