ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ 11 Ապրիլ 2005 երկուշաբթի ժամը 11.30-ին, Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գափ թեմէն Պոլիս ժամանած քսան հոգինոց ուխտաւորներու խումբ մը։ Ուխտաւորները, որոնք ակադեմականներ եւ ուսուցիչներ էին, կ՚առաջնորդուէին Բերայի Սանթա Մարիա Եկեղեցւոյ Ֆրանչիսկեան միաբաններէն Գերյ. Հայր Գուէնոլէ Ժէօսսէի կողմէ։
Այցելուները Պատրիարք Հօր նուիրեցին Գաբի թեմակալ եպիսկոպոսին կողմէ պատրաստուած գրքոյկ մը, որուն մէջ մի առ մի յիշուած են թեմի եկեղեցիներուն մէջ մեծարուող սուրբերն ու սրբուհիները։ Գրքոյկին մէջ յիշուող տասներկրորդ հաւատքի ախոյեանն է §Սուրբ Գրիգոր Հայոց Եպիսկոպոսը¦ որուն անունով օծուած է Թալլարդի կաթոլիկ եկեղեցին։ Սուրբ Գրիգոր Հայոց Եպիսկոպոսը, որ ըստ գրքոյկին վախճաներ է 21 Սեպտեմբեր 404-ին, Ֆրանսացի հաւատացեալներուն կողմէ կը մեծարուի իբրեւ Թալլարդի պաշտպան սուրբը։ Ֆրանսահայ հաւատացեալներ եւս տարին անգամ մը ուխտի այցելութիւն կու տան Թալլարդի Ս. Գրիգորին։
Այցելուներուն հետ հոգեւոր կեանքի, աստուածաբանութեան եւ եկեղեցւոյ պատմութեան հետ առնչուած նիւթերու շուրջ գաղափարի փոխանակում ունենալէ ետք, Նորին Ամենապատուութիւնն ու այցելուները անցան կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Այստեղ, ֆրանսերէն լեզուով Յարութեան երգեր երգելէ ետք, ուխտաւորներն ի ծունր իջեալ ընդունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը եւ վերադարձան քաղաք։

Պատրիարքութիւն Հայոց
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու
Գումգաբը, Ստանպուլ
Հեռ.։ (90 212) 517 0970
Հեռատիպ։ (90 212) 516 4833
Էլ-փոստ։ lraper@lraper.org
Տնօրէն՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեան
Խմբագիր՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան