ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

mesbad hokehankisd

Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը իր վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ, 8 Մարտ 2020, Կիրակի յիշատակուեցաւ։

Առաւօտ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Մինչ այդ Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան արարողութեամբ յիշատակուեցաւ Մեսրոպ Պատրիարքը։ Յընթացս Ս. Պատարագի խօսեցաւ ոգեւորիչ քարոզ մը, որովանդրադարձաւ իր երջանկայիշատակ նախորդի թողած աւանդին։

Ս. Պատարագէն վերջ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հիւրընկալմամբ Պահքի սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ։

Իսկ յետմիջօրէին մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն մըն ալ կատարուեցաւ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր շիրիմին վրայ։ Արարողութեան նախագահեց Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով Աթոռոյս միաբաններն ու քահանայ հայրերը։ Երջանկայիշատակ Պատրիարք Հօր շիրիմին շուրջ համախմբուած էին նաեւ համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, իր երախտաշատ սաները, ինչպէս նաեւ ընտանիքի անդամները։