ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏԱՌՄԱՆ

Kategori: Եկեղեցական

LOGOԾանօթ է, թէ համավարակի պատճառաւ երկրի առողջապահական պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներով կատարուած սահմանափակումները կը շարունակուին ներկայիս։ Այս սահմանափակումներու կարգէն ըլլալով 29 Ապրիլ 2021, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-էն մինչեւ 17 Մայիս 2021, ժամը 05.00 փողոց ելլելու արգելք յայտարարուած է պաշտօնապէս։

Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ մեր եկեղեցիները վերոյիշեալ օրերուն 11.00-16.00 ժամերու միջեւ մոմավառութեան եւ անհատական աղօթքի համար բաց կը մնան եկեղեցիներէ քալելու հեռաւորութեամբ բնակող հաւատացեալներու համար։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ

28 Ապրիլ 2021