ՄԷՆԹԻ-ՄԷՆԹՕՐ ԼՍԱՐԱՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

ԱՐՀԵՍՏՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՅ 

ՊՀԹ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԷՆԹԻ-ՄԷՆԹՕՐ ԼՍԱՐԱՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ

ՊՀԹ Երիտասարդաց Յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած Մէնթի-Մէնթօր ծրագրի առաջին լսարանը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանի Տիգրան Կիւլմէզկիլ սրահին մէջ 15 Յունուար 2019, Երեքշաբթի։ Ծրագիրը կը հովանաւորէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ կ՚ատենապետէր՝ Արի Չօլաք։

MENTEE MENTOR 2 2019

Յուսադրիչ է, թէ սոյն արհեստի ծանօթացման ծրագրի անդրանիկ լսարանը կը խոստանայ, թէ նման ծրագիրներ պիտի բազմանան յառաջիկային։ Սոյն ծրագրի կազմակերպիչն է Մէրի Թաքսի Տէվէճեան, իսկ ծրագրի ներկայացուցիչը՝ Ժպիտ Էօղէր։

 

Առաջին լսարանը կը կոչուէր «Ապագան դիտել», որ կատարուեցաւ մասնակիցները ներառնելու դրութեամբ (ինթէրաքթիֆ) եւ առաջնորդութեամբ Տոց. Տօքթ. Գոզէթ Ավանուսի, որուն մասնակցեցան Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Արէտ Քըլլըօղլու, Մուրատ Տուվարճը, եւ տեսականութեան մասնագէտ Սէրլի Սեդա Նշանեան։

 

Լսարանի ընթացքին մասնակիցները երիտասարդներուն փոխանցեցին իրենց փորձառութիւններն ու դժուարութիւնները, որ ուենած էին իրենց կրթական շրջանին։ Աշակերտներուն առընթեր, ուրախացուցիչ էր տեսնել ծնողներու եւ ուսուցիչներու մասնակցութիւնը լսարանին, որուն ընթացքին Ժպիտ Էօղէր հաղորդեց նաեւ, թէ լսարանները պիտի շարունակուէին յառաջիկային։

 

Հուսկ Բանքը արտասանեց Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Ան նախ յայտնեց Իր ուրախութիւնը սոյն ծրագրին ու մէկտեղման համար եւ շեշտեց, թէ երիտասարդներ պէտք չէ վախնան ապագայէն, որովհետեւ երէց առաջնորդները իրենց կողքին են։

MENTEE MENTOR 2019

Ապա խմբական լուսանկար մը առնուեցաւ, ուր յայտնի կը դառնար, թէ երիտասարդներ կարեւորութիւն կ՚ընծայէին ապագայի նկետմամբ ու պատրաստ էին զիրենք առաջնորդող բոլոր միջոցները գործածելու։