Մէրամէթճեան Վարժարան, Ֆերիգիւղ

(Çobanoğlu Sok. No. 4/16, 34379 Feriköy)
Հիմնադիր՝ Փրօֆ. Տքթ. Աւետիս Հաճընլեան Տնօրէն՝ Արփի Մանուկեան
Հեռ.՝ (0212) 240-7814, (0212) 247-1042 Ֆաքս՝ (0212) 241-5221
Ել-նամակ՝ mudur@feio.k12.tr Կայքէջ՝ http://www.feio.k12.tr

Վարժարանը կառուցուած է Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կից, Գէորգ էֆէնտի Մէրամէթճեանի սեփական հողամասին վրայ, 1912 թուականին։ Փայտաշէն այս շէնքը մինչեւ 1952 գործածուեցաւ որպէս մանկապարտէզ ու նախակրթարան։ Այդ թուականէն ետք, երբ թաղին հայ բնակչութեան թիւը զարգացաւ, միջնակարգ վարժարանի մը կարիքը զգացուեցաւ, ուստի կրթական նախարարութենէ ձեռք բերուած արտօնութեամբ վարժարանը միջնակարգի վերածուեցաւ, շէնքն ալ նորոգուելով ընդարձակուեցաւ օրուան թաղային խորհուրդի եւ բարերարներու օժանդակութեամբ։

Վարժարանը այժմ մանկապարտէզի, նախակրթութեան եւ միջնակարգի բաժիններով կը շարունակէ գործել։