Միացեալ Դպրաց Դաս Երգչախումբ / Սկիւտար, Ս. Խաչ Եկեղեցի

Նախագահ՝ Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան
Դպրապետ՝ Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշման

Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Դպրաց Դաս Երգչախումբն է։ 1941ին Ս. Կարապետ երգչախումբէն բաժնուողներ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցիներու վրայ «Ս. Խաչ Լուսաւորիչ» անունով խումբ մը կը կազմեն որուն առաջին վարիչը կ՚ըլլայ Վարդգէս Եղիայեան։ 1947ին Ս. Կարապետ երգչախումբին հետ միանալով «Սկիւտար Միացեալ» անունը կ՚առնեն։ 1958ին «Ս. Կարապետցի»ներ կը բաժնուին, բայց երկսեռ այս խումբը Սկիտարի Միացեալ անունով կը գործէ։ Կ՚երգէ Կոմիտասեան եւ Եկմալեան քառաձայն։ Կոմիտասեանի վարիչը եղած է դպրապետ Վահագն Սինանեան, իսկ Եկմալեանի վարիչը՝ Սուրէն Ցնծալեան։