ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐՕՆԻՑ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴՄԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

22089214_837292076430677_5216578888076016107_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 2 Հոկտեմբեր 2017, Երկուշաբթի, Ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Կրօնից Ազատութեան Յանձնաժողովի (USCIRF) փոխ նախագահներ՝ Քրիստինա Արրիակա Տը Պուքհօլս եւ Սանտրա Կ. Ժոլլին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Դիւանապետ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Հիւրերուն կ՚ընկերանային քաղաքիս Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի պաշտօնատարներ։

Հանդիպման ընթացքին, մեծայարգ հիւրերը տեղեկութիւներ տուին իրենց յանձաժողովի առաքելութեան եւ գործունէութեան մասին։ Իրենց մաս կազմած յանձնաժողովը կը հետաքրքրուէր աշխարհի զանազան վայրերու մէջ մարդոց վայելած կրօնական ազատութեամբ, բան մը որ մաս կը կազմէր մարդկային իրաւանց։ Այցելուներ, հետաքրքրուեցան համայքային կեանքով։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, համառօտ գիծերու մէջ, ներկայացուց մեր համայնքային կեանքը, նշեց որ համայնքի անդամները կը վայելեն կրօնական եւ պաշտամունքի ազատութիւն։ Եկեղեցիներ եւ համայնքային կառոյցներ ի պահանջել հարկին կը վերանորոգուէին ու կը բարեզարդուէին։ Նաեւ շեշտեց վերջին տարիներուն արձանագրուած դրական զարգացումները, որով համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարչութեանց վերադարձուած էին կալուածներ։ Հիւրերը հետաքրքրուեցան նաեւ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացով։ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ՝ Հանրապետական շրջանին պատրիարքական ընտրութիւնները ցարդ կատարուած էին մեր աւանդական ընկալեալ կանոններով։ Պետութենէն տրուած ընտրութեան կանոնագրութիւնները ցոլացուած են մեր աւանդական կանոններն ու սովորութիւնները։ Այս ուղղութեամբ ներկայացուած էր նոր պատրիարքի ընտրութեան դիմում, որով սկսած էր ընտրութեան գործընթացը։ Այժմ, կ՚ակնկալուէր կանոնագրութեան առաքումը։ Վստահութիւն յայտնեց թէ դիւանական գործընթացի աւարտին, պիտի առաքուէր ակնկալուած կանոնագրութիւնը։

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան համար։