ԶԻՊԷՉ Հաշմանդամ Մանուկներու Օգնութեան Յանձնախումբ, Ետիքուլէ

(Zakirbaşı sok. No: 32, 34021 Kazlıçeşme)
Հեռ.՝ (0212) 510-8052 (735)
ֆաքս՝ (0212) 679-6437
Ել-նամակ՝ info@zibec.org
Կայքէջ՝ http://www.zibec.org

Այս հաստատութիւնը կը գործէ  յօգուտ հաշմանդամներու։  Հաշմանդամ զաւկի մը ծնողքը լսելով Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժանի այլ հաշմանդամ աշակներու ներկայութիւնը, կը դիմէ տնօրէն Սինայիր Եըլտըզի, որպէսզի դպրոց արձանագրուի իրենց զաւակը։ Տնօրէնը կ՚ընդառաջէ դիմումին, որովհետեւ մտածումը կ՚ունենայ հաշմանդամներու յատուկ դասարան մը հաստատելու։ Սակայն վարժանի հիմնադիրը այն մտահոգութիւնը ունէր, թէ հաշմանդամ աշակերտներու թիւը հետզհետէ կը բարձրանար եւ նման ուրիշ աշակերտներու ներկայութեամբ, ապագային վարժարանը կրնար կոչուէր որպէս հաշմանդամներու վարժարան։ Վարժարանի մէջ հաշմանդամներու յատուկ դասարան մը գոյութիւն չունէր եւ այս աշակերտներու դաստիարակութիւնը ըստ բաւականի չէր կրնար կատարուեր։
Վարժարանի հիմնադիրէն ժխտական պատասխան առնելով մայրը «Մինչեւ այսօր առանձին ապրեցանք, ասկէ յետոյ ալ կը շարունակենք առանձին ապրելու» կ՚ըսէ եւ իր որդւոյն հետ կը հեռանայ։ Այս պատասխանէն ազդուելով Սինայիր Եըլտըզ կը յղանայ հաշմանդամներու համար հաստատութիւն մը հիմնելու ծրագիրը։
Իր այս ծրագիրը կը բաժնէ սոյն ընտանիքի եւ այլ հաշմանդամի մը ընտանիքին հետ եւ գործակցութիւն կը պահանջէ։ Այսպէսով նորակազմ խումբ մը աշխատութեանց կը սկսի։ Ուրիշ հաշմանդամներ եւս կը փնտռեն։ Հաշմանդամներու թիւը երեսունըհինգի մօտեցած ժամանակ, Պատրիրարք Սրբազանին օրհնութիւնը կը խնդրեն ապա պատկան իշխանութեանց կը դիմեն։ Այս ծրագիրը հասարակութեան կողմէ լայն ընդունելութիւն կը գտնէ։ Բոլոր աշխատութիւնները աւարտելով Սուրբ Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի երդիքին տակ 12 Հոկտեմբեր 2002ին  գործելու կը սկսի, որպէս ԶԻՊԷՉ հաշմանդամներու բաժին։