Միութիւններ

Ստանպուլահայ համայնքի կարեւոր հաստատութիւններէն են միութիւնները, որոնց մեծամասնութիւնը կը կազմեն սանուց միութիւնները։

Սանուց միութիւնները կազմուած են վարժարաններու կողքին, վարժարաններու սաներուն կողմէ։ Իւրաքանչիւր միութիւն ունի իր ուրոյն վարչութիւնը, որ կ՚ընտրուի անդամական ժողովէն։

Սանուց միութիւնները իբրեւ մշակութային հաստատութիւններ, իրենց գործունէութիւնները կը կեդրոնացնեն գրական, թատերական, երաժշտական եւ ընկերային ձեռնարկներու վրայ։

Սանուց միութեանց առընթեր կան նաեւ կրթական, հայրենակցական, մարզական եւ բարեսիրական այլ միութիւններ, որոնց իւրաքանչիւրը կը գործէ իր կազմութեան կանոնագրութեան համաձայն։