ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Միջեկեղեցական

27484443_10215369206247881_1044993190_oԵկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան առիթով, 27 Յունուար 2018, Շաբաթ, ժամը 18.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։

Արարողութեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ եւ Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Ներկայ էին Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոս, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւորականաց դասու անդամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

EDTD3045Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Լատին Կաթոլիկ, Յոյն Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ, Հայ Կաթողիկէ, Աւետարանական եկեղեցիները եւ Ս. Գրոց Ընկերութեան ներկայացուցիչները։ Աղօթքին հետեւեցան հայ ու օտար բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի պաշտամունքին մասնակցեցաւ իր լեզուով։

27393356_10215369209007950_1349357495_oԱրարողութեան երգեցողութիւները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներու կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի։

Արարողութիւնը սկսաւ զանգակներու ղօղանջներով, հոգեւորականաց թափորին եկեղեցի մուտք գործելով եւ ապա արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

Քոյր եկեղեցիներու անդամներու, իրենց լեզով կարդացած Ս. Գրոց ընթերցումներէն յետոյ քարոզեց Սահակ Եպիսկոպոս եւ յիշեցուց թէ եկեղեցիներու միութեան նուիրուած ու աւանդական դառձաւ 8 օրուայ աղօթքի շաբաթը աւարտին հասած էր։ Նորին Սրբազնութիւնը ապա ընդգծելով Քրիստոնէական սիրոյ կարեւորութիւնը.

«Տէր Յիսուս Քրիստոս, վերջին ընթրիքի սեղանին վրայ իր աշակերտներուն մեծագոյն պատուիրանը տուաւ։ Ան գիտնալով հանդերձ որ պիտի խաչուէր, չէր տրտմած։ Սակայն երբ տեսաւ թէ աշակերտները Քրիստոսի երթին մասին լսելով մեծ ըլլալու վիճաբանութեան մէջ մտած էին, սկսաւ տրտմիլ։ Վերջին Ընթրիքի սեղանին շուրջ աշակերտներու յիշեցնելու համար իր գալստեան նպատակը, իրենց առջեւ խոնարհեցաւ ու անոնց ոտքերը լուաց։ Քրիստոս, համայն աշխարհին խոնարհութեան մեծագոյն օրինակը երբ կուտայ, իր աշակերտներուն՝ Քրիստոնեաներուս կը յիշեցնէ նաեւ աշխարհ գալու նպատակը։ Մենք բոլորս, որպէս Քրիստոնեաներ քոյրեր ու եղբայրներ ենք։ Որքան լաւ է, որ այսօր քաղաքիս մէջ եւս այս իրողութիւնը ամենայն անկեղծութեամբ կը յայտնուի եւ Քրիստոնեայ եղբայրներ քով քովի, սիրտ սրտի կ՚աղօթեն։ Անցեալին Քրիստոսի Եկեղեցւոյ մէջ ակամայ բաժանումներ եղան, սակայն Միջեկեղեցական Էքիւմէնիք Շարժումով կրկին յիշեցինք թէ իւրաքանչիւրիս արմատը Քրիստոսն է։ Այս շարժումով յիշեցինք մեր ի Քրիստոս եղբայրներ եղած ըլլալու ճշմարտութիւնը։ Այս արարողութիւնները ապացոյցներն են թէ՝ ներկայիս քոյր եկեղեցիներ այլեւս բաժանումի ստուերէն ձերբազատուած, կը յարին Քրիստոնէական միութենական ոգիին։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի թէ իր եկեղեցիին անդամներուն եւ թէ համայն աշխարհին ցոյց կուտայ այս օրինակելի մթնոլորտը։ Իսկ այս քաղաքին մէջ աւելին կատարեցինք, ու բոլոր քոյր եկեղեցիներ միանալով այս օրինակելի մթնոլորտը «Քրիստոնէական Հաւատքի Հիմնական Սկզբունքները» գիրքին մէջ անմահացուցինք։ Ուրախանանք, որովհետեւ այս աշխատութիւնը պատմութեան ընթացքին ուրիշ երկրի մը մէջ տեղի չունեցաւ այլ այս քաղաքին մէջ։ Այնուհետեւ եկէ՛ք աղօթենք մեր միասնութեանը համար ու Քրիստոնէական մեր սուրբ հաւատքի մէջ Քրիստոսի ներկայութիւնը զգալու համար»։

PBVO9703STXT9962Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուողներ ի մի բերան երգեցին «Տէր Ողորմեա» եւ աղօթեցին վասն Աշխարհի խաղաղութեան։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով եւ եկեղեցականաց թափորի եկեղեցիէն ելքով։

Յետ պաշտամունքին, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդն ու տիկնանց կազմը, Յարութիւն Ամիրայ Պէզճեան Սրահին մէջ սիրոյ սեղանով պատուեցին ներկայ հոգեւորականներն ու հաւատացեալները։

IMG_5580