ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան առիթով, 25 Յունուար 2020, Շաբաթ, ժամը 18.00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։

 

Ներկայ էին  Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոս, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք. Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներէ հոգեւոր հայրեր ու ներկայացուցիչներ։ Աղօթքին հետեւեցան հայ ու օտար բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնց շարքէն էր նաեւ՝ Ս. Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն՝ Թամար Քարասու։

 

Արարողութեան հանդիապետեց՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան երգեցողութիւները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Լուսի Քահվէճիօղլուի։

 

Արարողութիւնը սկսաւ՝ «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ հոգեւորականաց թափորին եկեղեցի մուտք գործելով եւ ապա արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

 

Քոյր եկեղեցիներու անդամներու, իրենց լեզով կարդացած Ս. Գրոց ընթերցումներէն յետոյ քարոզեց՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։

 

Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքերու սկիզբը նախ յիշատակեց Էլազըղի եւ շրջակայքի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժը ու յատուկ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած հանգուցեալներու եւ վիրաւորներու համար։ Այնուհետեւ ներկաները եւս հրաւիրեց միանալու աղօթակցութեան, քանի Աստուծոյ փառքին ընծայուած միջեկեղեցական աղօթքի պահը լաւ առիթ էր աղօթքի միութեան զօրութիւնը ցուցաբերելու համար։

 

Պատրիարք Հայրը, ապա շարունակեց եւ յիշեցուց թէ եկեղեցիներու միութեան նուիրուած ու աւանդական դարձած ութօրեայ աղօթքի շաբաթը իր աւարտին հասած էր։ Յատկապէս յիշատակեց՝ Գործք Առաքելոց բաժնի մէջ ներկայացուած Մելիտէի ժողովուրդին հիւրասէր կեցուածքը։ Պօղոս Առաքեալ երբ ազատեցաւ զինքը մահուան դատապարտողներու ձեռքէն, ծովէն ցամաք ելաւ եւ հասկցաւ թէ Կղզիին անունն էր Մէլիտէ։ Տեղւոյն ժողովուրդը ոչ-Քրիստոնեայ ըլլալով հանդերձ, առանց նայելու թէ ով էր Պօղոսը, մեծ հիւրասիրութեամբ մօտեցան իրեն։ Ինք հրաշագործութիւններ կատարելէ յետոյ, շուրջինները հիացած մնացին իրեն ու առաւել մեծ փառքով պատուեցին զայն։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա շարունակեց ըսելով. «Պօղոս Առաքեալը հիւրասիրող ժողովուրդը ոչ-Քրիստոնեայ էր, բայց անոնք՝ բարութիւն ըրին։ Հետեւաբար բոլոր կրօնքներու մէջ բարութիւնը, հոգածութիւնը գոյութիւն ունի։ Իսկ, ի՞նչ է Քրիստոնէութեան տարբերութիւնը ըստ մեր հաւատքին։ Պօղոս Առաքեալ, որպէս Քրիստոնեայ բնակեցաւ իրենց մէջ եւ իր ներկայութեամբ ցոյց տուաւ թէ՝ ինք ունի զօրութիւն մը որ տարբեր էր միւսներէն։ Մեր հաւատքը մեզի ցոյց կուտայ թէ՝ այդ զօրութիւնն ու զօրութեան աղբիւրը նոյնինքն Քրիստոսն է։ Ինք է որ յայտնուեցաւ մարդկութեան պատմութեան մէջ որպէս փրկիչ, որպէսզի մեղաւոր մարդկութիւնը փրկուի եւ մարդու կեանքի նպատակին մէջ Աստուած առաւել եւս գործօն դառնայ։ Այս հաւատքին սիրտ տուին միլիոնաւոր անձեր պատմութեան մէջ։ Իսկ այսօր, աշխարհի վրայ Քրիստոնեաներ գոյութիւն ունենալով հանդերձ, ինչո՞ւ տակաւին կը շարունակեն պատերազմներն ու խռովութիւնները։ Պատասխանը հետեւեալն է. Մենք Պօղոս Առաքեալի նմանողութեամբ, չենք կրնար ցուցաբերել մեր մէջի Քրիստոսի զօրութիւնը, քանի մենք իսկ կատարելապէս չենք զգար։ Աղօթքի շաբթուան խորհուրդը, այս զօրութիւնը մեզի յիշեցնել է, ապա թէ ոչ պարզապէս սոսկ հանդիպման կը վերածուի մեր մէկտեղումները։ Մենք, նոյն Քրիստոսի շուրջ համախմբուած ենք, անկախ ըլլալով մեր փոքր թէ մեծ վարդապետական տարբերութիւններէն։ Մենք նման առիթները պէտք է բազմացնենք, որպէսզի յիշենք թէ Քրիստոսի զօրութիւնը միութեան մէջ կը յայտնուի եւ մեր միութեամբ կը տարածուի։ Եկէ՛ք այնպէս ապրինք մեր հաւատքը, որ արտաքին աչքերը տեսնեն թէ՝ տարբեր զօրութիւն մը պարուրած է մեզ։ Քրիստոնէական սիրով կ՚ողջունեմ բոլորդ եւ կը մաղթեմ որ այս միութեան մէջէն բղխած օրհնութիւնը տարածուի ձեր եկեղեցիներուն, համայնքներուն եւ բարեկամներուն վրայ։»

 

Պատրիարք Հայրը, իր խօսքերու աւարտին յիշեցուց նաեւ թէ Թուրքիոյ Հայ Համայնքը տիրացած էր իր Պատրիարքին եւ ինք կը ներկայանար որպէս 85րդ Պատրիարքը Հայոց Թուրքիոյ։ Ներկաներուն յիշեցուց թէ փոքրամասնութիւններու բոլորն ալ անխտիր տէր են սեփական արժէքներու եւ հրաւիրեց այս բոլորը միացնել յօգուտ Քրիստոսի Խօսքին։ Այս առթիւ խնդրեց ներկաներու զօրակցութեան աղօթքները։

 

Արարողութիւնը իր աւարտին հաւաւ Պատրիարք Հօր վերջին օրհնութեամբ։ Հուսկ՝ եկեղեկեցականաց թափորը «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի խորհրդարան։

 

Յետ պաշտամունքին, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդն ու տիկնանց կազմը, Շիրինօղլու Սրբահին մէջ սիրոյ սեղանով պատուեցին ներկայ հոգեւորականներն ու հաւատացեալները։