ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ Ս. ԹԱԴԷՈՍ- Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Միջեկեղեցական

neteԵկեղեցիներու Միութեան Համար Աղօթքի Շաբթուան առիթով, 19 Յունուար 2015, Երկուշաբթի, ժամը 18.00-ին, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս- Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։

topluԱրարողութեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Պատրիարքական Աթոռոյ Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Մասնակցեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան եւ քահանայ հայրեր։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչ հոգեւորականներ։ Աղօթքին հետեւեցան հայ ու օտար բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Արարողութեան սկիզբը, հոգեւորականաց թափօրը եկեղեցւոյ խորհրդարանէն «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի։ Ապա կատարուեցաւ Ճաշու Ժամերգութիւն։ Արարողութեան ընթացքին Ս. Գիրքէն հատուածներ կարդացին Անքլիքան, Յոյն Ուղղափառ, Աւետարանական եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։

Ս. Գրոց ընթերցումներէն յետոյ քարոզեց Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծելով ճշմարիտ Քրիստոնեայ ըլլալոու կարեւորութիւնը։

resim 1

toplu 2«Յաճախ կը հարցնենք թէ ինչպէս աւելի հաճելի կ՚ըլլանք Աստուծոյ։ Միայն աղօթելո՞վ, կարդալո՞վ, գրելո՞վ, երգելո՞վ։ Ո՛չ սիրելիներ, Աստուծոյ հաճելի ըլլալու նախապայմանն է անօթի եւ ծարաւ ըլլալ Աստուածային սրբութեան։ Որքան որ իրեն մօտենանք այս կարօտով, ալ աւելի երկիւղով մենք զմեզ կ՚ուղղենք առ Աստուած։ Կրօնքը կը կազմուի կորիզէ եւ կեղեւէ։ Երբ կորիզը զօրաւոր է եւ կեղեւը տկար, սա կը նշանակէ թէ՛ կորիզը քայքայուելու հետ դէմ հանդիման կը գտնուի։ Այս մէկը չկրնար յագեցնել Քրիստոնեային տենչը։ Իսկ երբ կեղեւը զօրաւոր է երբ կորիզը տկար, այդ պարագային առանց սնունդի կը մնան մեր հոգիները։

Պահ մը մտածենք թէ ինչո՞ւ այսօր եկեղեցիներ իրարմէ բաժնուած են։ Մինչեւ Դ. դարու սկիզբը եկեղեցին բիւրաւոր հալածանքներու հետ դէմ հանդիման մնաց։ Քրիստոնեաներ աղօթեցին որ այս հալածանքները դադրին եւ ազատութեամբ ապրին իրենց հաւատքը։ Մինչեւ այս շրջանը եկեղեցին մէկ էր, որուն գլուխն էր Քրիստոս։ Աստուած լսեց այս ձայնը եւ Դ. դարէն սկսեալ թագաւորներ նոյնիսկ ընդունիլ սկսան Քրիստոնէութիւնը։ Հաւատացեալներու աղօթքը իրականացած էր։ Այլեւս Քրիստոնէութիւնը կը զօրանար եւ եկեղեցին կը հարստանար։ Սակայն այս հարստութեան հետեւանքը փոխանակ օրհնութեան, վերածուեցաւ անէծքի։ Այն բերանները որոնք կ՚աղօթէին Քրիստոնէութեան ազատութեան համար, Քրիստոսը հաւատքի կեդրոն ըլլալէ դադրեցուցին։ Անոնք բառերու շուրջ վիճաբանիլ սկսան, որուն հետեւանքով Քրիստոսի մարմինը բաժնուեցաւ։ Ապա մարմինին այս անդամները սկսան իրենց բանաձեւերով մրցակցիլ, պնդելով թէ իրենցն էր ճիշտ ուսուցումները։

Սիրելիներ, մենք տեսնենք մեր մեծերուն գործած սխալները ու դասեր քաղենք, որպէսզի չկրկնենք նոյն սխալները։ Երբ Աստուծոյ ծարաւ սրտերով մօտենանք, վստահ եղէք թէ եկեղեցւոյ ցանկալի միւոթիւնը ալ աւելի պիտի դիւրանայ»։

Արարողութեան աւարտին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, սիրոյ սեղան մը սարքեց։

Միջեկեղեցական աղօթքները կը շարունակուին մինչեւ 24 Յունուար 2015, Շաբաթ երեկոյեան։