ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ՊԱՐԻԻ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

Cristiani_in_medio_oriente_quale_futurorn__29_Aprile_2015_1Անցեալ շաբաթ 29-30 Ապրիլ թուականներու միջեւ, Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հաւագոյթ մը, որուն յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ ներկայ եղաւ Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։

toplu dua «Քրիստոնեաներ Միջին Արեւելքի մէջ. Ի՞նչ է ապագան» խորագրեալ երկօրեայ ժողովին կազմակերպիչն էր Սէնթ էճիտիոյ Միաբանութիւնը։ Մասնակիցներն էին քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ ներկայացուցիչներ։ Ժողովին ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Կաթողիկոսութենէն՝ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպեանտեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սարգիսեանը։

toplanti toplamԺողովի նիստը բացուեցաւ 29 Ապրիլ, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին։ Նոյն օրը ժամը 19.00-ին տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք, վասն խաղաղութեան։ Ժողովի երկրորդ օրը եւս շարունակուեցան զեկոյցներու ընթերցումը։ Օրուան երկրորդ նիստի ընթացքին իր զեկոյցով հանդէս եկաւ Սահակ Սրբազան Հայրը, «Արեւելքի մէջ նեղ ճանապարհ» խորագրով։ Բակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ, նոյն օրը ժամը ժամը 18.00-ին։

Նորին Սրբազնութիւնը քաղաքս վերադարձաւ 1 Մայիս, Ուրբաթ օրը։