ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Ս. ՈՐԴՒՈՑ ՈՐՈՏՄԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

micinkՄեծ Պահքի շրջանի Միջինքի աւանդական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 26 Մարտ 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին, Ս. Որդւոց Որոտմանց Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Արարողութեան ներկայ էին միաբան հայրեր եւ քահանայից դասը։

Ժամերգութեան աւարտին հոգեւոր հայրեր ծնկաչոք երգեցին «Տէր ողորմեա» սրտառուչ հոգեւոր երգը։ Միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով վերջացաւ Միջինքին նուիրուած արարողութիւնը։

micink 2

Ապա, հոգեւորականները, Եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ մէկտեղուեցան, տեղւոյն Թաղային Խորհուրդին ու Տիկնանց Կազմին համատեղ ջանքերով սարքուած Պահքի թէյասեղանին շուրջ։