ՄԻՋԻՆՔԻ ՍԵՄԻՆ ԵՆՔ ԱՐԴԷՆ

Kategori: Կրօնական

Մեծ Պահոց առաջին չորս կիրակիները անցան։ Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Մեծ Պահքի Միջինքն է։ Աստուածասէր հաւատացեալներ Միջինքին փառք կու տան Աստուծոյ, որ արժանացած են հասնելու Մեծ Պահոց ապաշխարութեան շրջանի կէսին եւ իրենց աղօթքներով կարողութիւն կը հայցեն Աստուծմէ ապաշխարութեան մնացեալ օրերը լաւագոյնս արժեւորելու համար։ Իսկ անոնք որոնք տակաւին նկատի չեն ունեցած ապաշխարութեան շրջանը, անոնց համար եւս Միջինքը ունի իր բարերար թելադրութիւնը, որով կրկին կը յիշեցնէ, թէ Մեծ Պահոց մնացեալ կէսը դարձեալ առիթ է հոգեւոր վարժութիւններու` ծոմապահութեան, պահեցողութեան, ուխտագնացութեան եւ աղօթքի, որոնց միջոցաւ կարելի է վերանորոգուիլ մկրտութեան ուխտին մէջ, զօրանալ հաւատքով եւ մխիթարուիլ փրկութեան յոյսով։

Միջինքէն յետոյ Շաբաթ օրը մեր եկեղեցիներուն մէջ կը յիշատակենք Սեբաստիոյ մէջ նահատակուած Սուրբ Քառասուն Մանուկները, ու կը հայցենք անոնց բարեխօսութիւնը։ Մեր ժողովուրդը գեղեցիկ աւանդութեամբ իւղ կը նուիրէ եկեղեցիներու մէջ դրուած Ս. Քառասուն Մանուկներու նահատակութիւնը խորհրդանշող քառասուն կանթեղներուն։ Նոյն առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուի դէպի Իսկենտէրուն՝ Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին։

Մեծ Պահոց հինգերորդ Կիրակին ծանօթ է Դատաւորի Կիրակի կոչումով եւ յատկապէս Միջինքէն յետոյ կու գայ յիշեցնել աղօթքի կարեւորութիւնը, եւ թէ ամէն ժամանակ պէտք է աղօթել եւ չձանձրանալ։ Նոյն օրը պիտի յիշատակենք Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքը իր վախճանման տասնեւհինգերորդ, Երանաշնորհ Գարեգին Բ Պատրիարքը՝ իր վախճանման եօթներորդ տարեդարձներուն առիթով։

Աստուած ընդունի մեր աղօթքները ու կատարէ մեր խնդրանքները Իր բարերար Կամքին համաձայն, արժանացնէ մեզ հասնելու Ս. Յարութեան աւետիսին։

Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան