ՄԻՋԻՆՔ

Kategori: Եկեղեցական

Ամիսէ մը ի վեր մեր գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հաւատացեալներ ջերմեռանդութեամբ կը հետեւին Արեւագալի եւ Հսկման ժամերգութիւններուն, կÿունկնդրեն Կեանքի Խօսքին քարոզութեան, ծոմով կամ պահքով կը պատրաստուին Աւագ Շաբթուան եւ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան մեծ տաղաւարի տօնին։

Մինչ այդ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զանազան եկեղեցիներու մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արեւագալներու եւ քարոզեց։ Մեր եկեղեցւոյ զաւակները մեծ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան արարողութեանց եւ ունկնդրեցին Բանին Կենաց քարոզութեան։

Իսկ 2 Մարտ Չորեքշաբթի երեկոյեան, Մեծ Պահոց Միջինքի առթիւ հանդիսաւոր երեկոյեան ժամերգութիւնը կատարուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ մասնակցութեամբ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ օտար դիւանագէտներուն։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին ի մէջ այլոց ըսաւ. «Մեծ Պահոց շրջանը հոգեւոր մագլցում մըն է, որ պիտի պսակուի Ս. Յարութեան Տօնի Զատկուան ուրախութեամբ։ Պոլսոյ մեր եկեղեցիներէն ամէն մէկը օր մը այցելելու եւ Արեւագալի արարողութիւններու մասնակցելու բարի սովորութիւնը, քառասնօրեայ այս ուխտագնացութեան շրջանին աւելի շոշափելի եւ հոգեպնդիչ որակում մը կու տայ։ Հետեւաբար այս սովորութիւնը անպայման աւանդապահօրէն պէտք է շարունակել եւ ամէն Պոլսահայ այս շրջանը կը պարտի առ նուազն իր չտեսած եկեղեցիները անգամ մը այցելելու»։ Մեծ Պահքի դերին ու կարեւորութեան մասին ընդհանուր ակնարկումներ ունեցող մեր Հոգեւոր Պետը շեշտեց, որ «այս շրջանը Աստուծոյ եւ մարդոց առաւել եւս մօտենալու առիթ կþընծայէ մեզի։ Եկեղեցի այցելութեամբ, գողտրիկ շարականներ եւ հոգեշունչ քարոզներ ըմբոշխնելով, ծոմով, պահեցողութեամբ եւ աղօթքով կը ջանանք Աստուծոյ մօտենալ. իսկ ողորմութեամբ եւ աղքատասիրութեամբ կը պայքարինք մեր եսասիրութեան դէմ եւ կը ջանանք մեր հաւատքի մարդասիրութեան հիմերը զօրացնել»։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ հասած ենք Մեծ Պահոց քառասունքի կէսին, որ Միջինքն է։ Խորհրդանշաբար ասիկա մարդուս կեանքին հետ բաղդատելով, ամէն ինչ վերջ պիտի գտնէ օր մը՝ ինչպէս նաեւ մեր կեանքերը։ «Տէր Յիսուս եկաւ ոչ միայն մեր մեղքերը քաւելու համար, այլ՝ անվերջանալի յաւիտենական կեանք մը շնորհելու մեզի, որուն միջինքը երբեք պիտի չգտնուի։ Այս մէկը հրաւէր մըն է ամենուս ուղղեալ. Երանի անոնց, որոնք լուրջի կþառնեն այս սքանչելի բարի լուրը եւ ըստ այնմ կը պատրաստուին»։

Խաղաղական ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ հանդիսաւոր խաչահանգիստ, որու ընթացքին հոգեւոր հայրեր, գլխաւորութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնեցին ջուրը Ս. Կենաց Փայտի, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքներով։

Արարողութեան աւարտին ներկաներ Պէզճեան Սրահին մէջ ի մի հաւաքուեցան պահոց սեղաններուն շուրջ, որ պատրաստուած էին Սիլվա Թաշի ատենապետած Տիկնանց Յանձնախումբի կողմէ։ Պահքի սեղանի ընթացքին կատարուած վիճակի բախտաւորն էր Արշալոյս Մարտիկեան, որ պարգեւատրուեցաւ Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։