ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական,Միջկրօնական

bishop sahak almanyaՊատրիարքական Աթոռոյ Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 4-8 Մայիս թուականներու միջեւ Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ միջկրօնական կարեւոր հաւաքի մը, որ վեցերորդ ժողովն էր Elijah Interfaith Institute (Եղիայ Միջկրօնական Հաստատութիւն) Երուսաղիմակեդրոն կազմակերպութեան։

Հաւաքոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մովսիսական, Քրիստոնեայ,  Իսլամ, Հինտու, Պուտտայական եւ Սիխ բարձրաստիճան կրօնաւորներ, շուրջ՝ քառասունհինգ հոգի։

Հաւաքոյթը կայացաւ «Յիշողութիւն եւ Յոյս» ընդհանուր խորագրին ներքեւ։ Հաւաքոյթը տեղի ունեցան Միւնիխէն մէկ ժամ հեռու Պէնետիքտեան  Միաբանութեան, պատմական Սուրբ Օթթիլիէն Վանքին մէջ: Յատուկ կարգադրութեամբ բանախօսութիւններ չկատարուեցան, այլ իրագործուեցաւ օրակարգ մը, որ տրամադրուած էր զուտ փոխադարձ զրոյցներու:

Կազմակերպիչները փափաքած էին որ ժողովականները, աշխատանք տանէին տարբեր գաղափարներ արտադրելով, նոր ուղիներ որոնէին, միջկրօնական եւ միջազգային գժտութիւնները յաղթահարելու եւ յոյսի նոր երանգներ գտնելու համար։

Ըստ հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուած գաղափարներուն, երբեք դիւրին գործ չէր յիշողութիւնը մաքրագործել դառն յիշատակներէն եւ նոր էջ մը բանալ: Եթէ նկատի առնենք, որ անձնական եւ հաւաքական ինքնութիւնը կը հիմնաւորուի յիշողութեան վրայ, հասկնալի կը դառնայ թէ որքան դժուար է մոռնալ ցաւատանջ ու ցնցող յիշատակները եւ կամ հաշտուիլ անոնց հետ: Ցաւալի անցեալը մոռնալ համահաւասար կ’երեւի ինքնութեան մէկ մասը զոհելու հետ: Հետաքրքրական էր տեսնել, որ բոլոր մասնակիցները ունէին իրենց ուրոյն ազգային եւ կրօնական խորունկ վէրքերը, որոնք հետք թողած էին իրենց ինքնութեան վրայ:

Եղան ըստ բաւականի հարուստ վերլուծումներ եւ առաջարկներ: Բոլոր կրօնական առաջնորդները որպէս լուծման հասարակաց ճամբայ, կ՚առաջարկէին վերագտնել եւ վերահաստատուիլ տիեզերական համամարդկային արմատներուն վրայ: Աստուած, բնութիւնը, մարդկութիւնը, սէրը, խիղճը եւ աղօթքը մեր հասարակաց ակունքներն են, որոնցմէ կը ստանանք մշտանորոգ շնորհքներ, բանալու համար կեանքի նոր էջ մը եւ մշակելու թարմ յարաբերութիւններ՝ նոյնիսկ մեզ վիրաւորողներուն հետ: Կրօնքները ճշմարտութիւնը ի յայտ բերելու համար պէտք է հայթայթեն աւելի լոյս եւ լուսաւորութիւն, քանի որ խաւարը, նախապաշարումները ու տգիտութիւնը թշնամիներու կը վերածեն եղբայրները եւ կը ստեղծեն ատելութեան եւ նոր բախումներու միջավայր: