ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ

Kategori: Աշխարհական,Միջեկեղեցական

219Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 18 Օգոստոս 2005, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին «Ֆրէնտ-Շիփ» նաւուն մէջ մասնակցեցաւ հրապարակային զրոյցի մը՝ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան մասին։ Զրոյցը կը ղեկավարէր Միւնսթէրի Կաթոլիկ Ուսանողաց Միութեան Միջկրօնական բաժնի վարիչ՝ Բերնդ Մուսսինկհոֆ։ Պատրիարք Հօր հետ միասին զրոյցի միւս մասնակիցն էր Աախէնի Կաթոլիկ Թեմի Գերշ. Մոնս. Հայնրիխ Մուսսինկհոֆ Եպիսկոպոսը։

Բերնդ Մուսսինկհոֆի ներածական մուտքէն յետոյ նախ խօսք առաւ Աախէնի Եպիսկոպոսը, որ ամփոփ գիծերով ներկայացուց 7-րդ դարէն մինչեւ այսօր քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու անցած յարաբերութեան ուղին։ Մոնս. Մուսսինկհոֆ ապա թուեց այն հիմնահարցերը զորս Գերմանիոյ հայրենակիցներն ու մահմետական «հիւր աշխատաւորներ»ը կը դիմագրաւեն երկրին մէջ, իրենց առօրեայ փոխ-յարաբերութիւններուն մէջ։ Մոնս. Մուսսինկհոֆ թուելով մահմետականներու վայելած լայն իրաւունքներկ եւրոպական երկիրներու մէջ, ընդգծեց նաեւ, որ մահմետականներ իրենց երկիրներուն մէջ նոյն կարելիութիւնները պէտք է որ ընձեռեն այդ երկիրներու քրիստոնեայ հայրենակիցներուն։

Նորին Ամենապատուութեան զեկուցումը կը բաղկանար Պոլսոյ Պատրիարքութեան հիմնադրութեան պարագաներէն եւ Թուրքիոյ ժամանակակից հայ համայնքի վիճակագրական տուեալներէն։ Պատրիարք Հայրը իր ունկնդիրներուն տեղեկութիւն փոխանցեց նաեւ Պոլսոյ մէջ գոյութիւն ունեցող միջեկեղեցական եւ միջկրօնական երկխօսութեան աշխատանքներուն մասին եւ բացատրեց, թէ յատկապէս փոքրամասնութիւնները ինչու կը փափաքէին, որ Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամ դառնայ։ Թուրքիոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այսօր կողմնակից է, որ Թուրքիա ԵՄ-ի անդամ դառնայ, քանի որ այդ ամէն բանէ առաջ պիտի նշանակէր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ մակարդակի բարձրացում։ Իսկ փոքրամասնութիւնները բնականաբար կը փափաքին ամէն մարզէ ներս հաւասարութիւն վայեյել սուննի մահմետական մեծամասնութեան հետ։

Հրապարակային զրոյցին հետեւեցաւ զանազան երկիրներէ ժամանած ուխտաւոր երիտասարդներու խումբ մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Մոնս. Մուսսինկհո‎ֆ իրենց զեկուցումներէն յետոյ պատասխանեցին նաեւ ունկնդիրներու հարցումներուն։

Լրագրողի մը հարցումին պատասխանող Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ քրիստոնեայ-մահմետական երկխօսութեան գործընթացը այսօր աւելի կարեւոր է քան երբեք, եւ վերջին տարիներու զարգացումները այդ կը փաստեն։ Թշնամական կամ վանողական կեցուածք ունենալ, պարզապէս հեռաւորութիւն պահել իրարմէ այլեւս կարելի չէ, քանի որ երկրագունտի վրայ տեղ չկայ ուր որեւէ կրօնքի կամ մշակոյթի պատկանող զանգուածներ այլ կրօնքներու կամ մշակոյթներու պատկանող փոքրամասնութիւններ չունենան։

220