ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ «ՈՍԿԻ ԱՇՈՒՆ»Ը ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

23231615_854026024757282_7504455414779445271_nԳատըգիւղի Արամեան Ունճեան Սանուց Միութեան Հիւրընկալութեամբ, 5 Հոկտեմբեր 2017, Կիրակի, տեղի ունեցաւ «Ոսկի Աշուն» խրախճանքը, որուն ներկայ եղաւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Սոյն հանդիսութիւնը հաստատուած է Մեսրոպ Պատրիարքի կողմէ եւ մօտաւորապէս 20 տարիներ կը շարունակէ այս աւանդութիւնը։ Ամէն տարի միութիւն մը կը ստանցնէ կազմակերպչական պատասխանատուութիւնը եւ ներկաներ պարերով, երգերով կ՚ողջունեն աշունը։

23172670_854028028090415_7369227676477502817_nԱյս առթիւ Հայր Սուրբը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ ողջունեց ներկաները եւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց միջմիութենական բնոյթ ունեցող խրախճանքի մասնակիցներուն։ Ապա, իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն, ըսելով. «Ուրախութիւնը ունինք, քանի աւանդականի վերածուած այս հանդիսութիւնը առաջին անգամ կ՚իրականանայ Ասիկան Ափի եւ ի մասնաւորի Գատըգիւղի մէջ։ Ինչպէս տարբեր տեղեր յիշուեցան, սոյն խրախճանքը հաստատուած է Մեսրոպ Պատրիարքի կողմէ։ Այս առթիւ եկէ՛ք մեր բաժակները բարձրացնենք Սրբազան Հօր համար։ Որպէս ժողովուրդ ուրախութիւնը բաժնելը կը սիրենք ու այս խրախճանքը լաւ առիթ է որ պարերով ու երգերով իրազեկ դառնանք նաեւ մեր մշակութային արժէքներուն։ Կը մաղթեմ որ ոսկի աշունի անունին նման ոսկի ապրումներ ունենանք ու այս բոլորին մէջէն տեսնենք մեր մշակութային հսկայ արժէքները»։

Հանդիսութեան ընթացքին Սիրուն Սիրունեանի նուագի ընկերակցութեամբ, Մարալ Աթաման եւ Մարալ Չաղլըչուպուքճու տոհմիկ երգերով խանդավառեցին ներկաները։ Այս առթիւ ներկաներ նաեւ պարերով զուարճանալու առիթը գտան։

  • 23231615_854026024757282_7504455414779445271_n