ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, 24 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, ձեռամբ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեանի։ Սոյն արարողութեանց մասնակցեցան Պատրիարաքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեաւ եւ Բրկ. Պարէտ Կ.Սրկ. Պալըքճեան։ Արարողութեանց ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն Գերպ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Մխիթարեան Երգչախումբի անդամներուն կողմէ։

2019 MHITARYAN DZNUNT

Յընթացս Ս. Պատարագի, Պատարագիչ Յակոբոս Ծ. Վրդ.ի հրաւէրով, տօնական պատգամը փոխանցեց՝ Յարութիւն Հայր Սուրբը եւ շնորհաւորեց ներկաները։ Իր խօսքերուն մէջ, յատկապէս անդրադարձաւ աւետիս բառի իմաստին եւ ըսաւ թէ Քրիստոսի ծննդեամբ յայտնուած աւետիսը, իր մէջ կը պարունակէր խաղաղութիւնը, սէրը եւ ապագայի նկատմամբ յոյսը։ Տէրունական Տօնին առիթով, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները եւս փոխանցեց Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներուն, Մխիթարեան Ընտանիքին եւ ներկայ ընտանիքներուն։

 

Յաւարտ Ս. Պատարագի Սխիթարեան Վարժարանի աշակերտներ, ներկայացան աւանդական Ս. Ծննդեան հանդիսութեամբ, բան մը որ անգամ մը եւս գնահատանքին արժանացաւ ունկնդիրներուն։