Մխիթարեան Սանուց Միութիւն, Բանկալթի

(Halaskargazi Caddesi No: 132, 34371 Pangaltı)
Հեռ.՝ (0212) 240-6283

Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը 1946ին խումբ մը երիտասարդ Մխիթարեանցիներու կողմէ հիմնուած է , որ եղած է համայնքային առաջին սանուց միութիւնը։ Հիմնադիրներու  շարքէն են Պոլսահայ համայնքային կեանքի կարեւոր դէմքերէն՝ Զարեհ Եալտըզճեան (Զահրատ), Արա Կարմիրեան, Կարապետ Էրսան, Թօկօ Աճէմօղլու եւ Արթօ Խաչատուրեան։ Միութեան առաջնական նպատակը եղած է համախմբել Մխիթարեան վարժարանի շրջանաւարտերը։ Այս նպատակաւ կատարուած աշխատութիւնները ո՛չ միայն համախմբած է վարժարանի շրջանաւարտները, այլ նաեւ Պոլսահայերը։ Առաջին օրէն սկսեալ թատրերգական եւ գրականական աշխատանքներու մէջ առաջնորդ հանդիսացած է։  Նամանաւանդ «Սան» անուանեալ մշակութային հանդէսի մէջ պաշտօն ստանձնած են Զահրատ, Ռոպէր Հատտէճեան, Զարեհ Խրախունի, Իգնա Սարըասլան, Տքթ. Վարդ Շիկահեր եւ Օննիկ Ֆչըճեանի նման Հայ գրականութեան կարեւոր դէմքերը։ Ինչպէս գրականական աշխատութիւնները, թատրերգական աշխատութիւնները եւս կարեւորութիւն ունին միութեան պատմութեան մէջ։ Հիմնադրութենէն սկսեալ գրեթէ առանց դադրելու ներկայացուցած է Հայերէն եւ Թրքերէն թատրերգութիւններ։ Սօսի Ճինտօյեանի եւ ընկերներուն առաջնորդութեամբ 2001ին Միութեան հովանաւորութեամբ հիմնուած է «Փաթիլ» մանկանց թատերախումբը, որուն բոլոր անդամները եղած են մանուկներ։ Այս խումբը 10 տարուան ընթացքին զանազան թատրերգութիւններով հանրութեան ներկայացած է։ Միութեան այլ նպատակներէն մէկը կ՚ըլլայ երաժշտական եւ պարի գործունէութիւններ ծրագրել։ Միութեան երդիքին տակ 1998ին կը հիմնուի «Դալար Երաժշութեան եւ Պարի Խումբը», որ մինչեւ 2011 թէ՛ երկրի, թէ՛ արտասահմանի մէջ կը ծանօթացնէ Հայ պարն ու երաժշտութիւնը։ Մանուկներէ բաղկացեալ «Դալարիկ Երաժշութեան եւ Պարի Խումբ»ը ցարդ կը շարունակէ իր գործունէութեան։ Ամէն տարի կազմակերպուած մարզական մրցումներով եւս կը ծրագրուի երիտասարդներու հետաքրքրութիւնը շահիլ։
Սանուց Միութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն է Հայ Մշակոյթը փոխանցել ապագայ սերունդներուն, 2012 թուականին անուանի բեմադրիչ Լեւոն Թապէրեանի հետ սկսած է աշխատանքի, որպէսզի հանրածանօթ «Անուշ Օփէրա»ն պարային արուեստով հրամցուի հանդիսատեսին։ Այս մէկը իրականացած է 2013 թուականին։

Միութիւնը մշակութային գործունէութեանց առընթեր կը մշակէ ընկերային զանազան ծրագրեր։ “Gülen Gözler İstiyoruz” անուն ծրագիրը 2005ին սկսած է 30 մանուկներով եւ այժմ մանուկներու թիւը հասած է 500ի։ Այս ծրագրին նպատակը կ՚ըլլայ համայքային վարժարաններու աշակերտներուն, նուէրներով եւ խնճոյքներով ամանորեան ուրախութիւն ապրեցնել։ «Զիպէչ»ի մանուկներուն համար կազմակերպուած տօնավաճառով եւս ծրագրուած է՝ զգացնել այն մանուկներուն եւ իրենց ծնողներուն, թէ անոնք առանձին չեն։ Միութեան երդիքին տակ անդամներու եւ ազգայիններու օժանդակութեամբ հիմնուած «Գէորգ Աճէմեան Բարձր Ուսման Կրթութեան Հիմնարկ»ով կրթաթոշակ կը տրամադրուի կարիքաւոր համալսարանական աշակերտներուն։

Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը, կը շարունակէ մեր մշակոյթը փոխանցել ապագայ սերունդներուն՝ երիտասարդ սերունդի հերթականութեամբ։