Եկեղեցական կեանքի հանրածանօթ դեմքերէն Մկրտիչ Մէրթշիմշէք, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի հովանաւորութեամբ եւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, 1 Դեկտեմբեր 2017, Ուրբաթ, ժամը 20.30-ին, Արամեան Սանուց Միութեան Սրահին մէջ մեծարուեցաւ գիրքի շնորահանդէսով։ Հանդիսութեան ներկայ էր Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ Օհանեան, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը եւ բազմաթիւ համայնքային դէմքեր ու թաղեցիներ։ Մեծարեալին 55 տարուան աշխատանքը արդէն իսկ անմահացած էր «Ծառայութեան 55 Տարիներ» գիրքով եւ սոյն հանդիսութեամբ առիթ կը ստեղծուէր, որ աւելի շատ ծանօթութիւններ տրուին յիշեալ հրատարակութենէն։Հանդիսութեան բացումը կատարեց Թաղային Խուրհուրդի Ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ ուրախութիւն յայտնեց նման սրտակից բարեկամ մը ունենալով Գատըգիւղի մէջ։ Վեր առնելով մեծարեալի նուիրումը, առեւշատութիւն մաղթեց իրեն։ Ապա, հանդիսավար Մարիամ Տրամէրեան, ընդարձակօրէն ներկայացուց մեծարեալի կենսագրականը։ Յայտագրի ընթացքին Էտվին Կալիպօղլուի երգեհոնով, Սիրուն Սիրունեան տուտուկով հանդէս եկան, մինչ այդ Արթիւր Պաղտասարեան ալ երգեր հրամցուց ներկաներուն։ Բացի երաժշտութենէ, ներկաներու ներկայացուեցան նաեւ ժապաւէններ։ Այսպէս տեսանելի դարձաւ Երջանկայիշատակ Տիրայր Արքեպս. Մարտիկեանի պատգամը, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Շողակաթ» Հեռուստաընկերութեան Մկրտիչ Սէրթշիմշէք անուանեալ ֆիլմը եւ Մեծարեալի նկարներէ բաղկացեալ տեսաերիզը։ Այնուտետեւ անգամ մը եւս յստակօրէն յայտնուեցաւ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթաղիկոսի, բազմաթիւ բարձրաստիճան եկեղեցականներէ եւ վարչային մարմիններէ հասած գնահատանքը։
Իրենց սրտի խօսքերը արտայայտեցին նաեւ Մարմարա Օրաթերթի Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Հատտէճեան մասնաւորապէս շեշտեց թէ իրեն համար ինչ կը նշանակէ եկեղեցական իրեղենները, որմէ յետոյ յիշեց Սէրթշիմշէքի յանձն առած զոհողութիւնները։ Իսկ, Տէր Հայրը յիշելով Դաւիթ Մարգարէն սաղմոսներէն մին, ընդգծեց ծառայութեան եւ բարերարութեան կարեւորութիւնը։ Ողջունեց մեծարեալի գնահատելի վաստակը ու ըսաւ. «Ձեր գործերը կը գովեն Ձեզ։ Մենք պարզապէս թարգման կը հանդիսանանք այդ գովեստներուն մեր տկար բառերով։ Վստահ ենք, թէ Դուք Ձեր վարձքը ակնկալեցիք ու միշտ կ՚ակնկալէք Աստուծմէ։ Մեր աղօթքն է, որ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ Ձեզի եւ օրհնելով օրհնէ Ձեր անհատական նաեւ ընտանեկան յարկը»։
Իրենց սրտի խօսքերը արտայայտեցին նաեւ Մարմարա Օրաթերթի Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Հատտէճեան մասնաւորապէս շեշտեց թէ իրեն համար ինչ կը նշանակէ եկեղեցական իրեղենները, որմէ յետոյ յիշեց Սէրթշիմշէքի յանձն առած զոհողութիւնները։ Իսկ, Տէր Հայրը յիշելով Դաւիթ Մարգարէն սաղմոսներէն մին, ընդգծեց ծառայութեան եւ բարերարութեան կարեւորութիւնը։ Ողջունեց մեծարեալի գնահատելի վաստակը ու ըսաւ. «Ձեր գործերը կը գովեն Ձեզ։ Մենք պարզապէս թարգման կը հանդիսանանք այդ գովեստներուն մեր տկար բառերով։ Վստահ ենք, թէ Դուք Ձեր վարձքը ակնկալեցիք ու միշտ կ՚ակնկալէք Աստուծմէ։ Մեր աղօթքն է, որ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ Ձեզի եւ օրհնելով օրհնէ Ձեր անհատական նաեւ ընտանեկան յարկը»։
Յանուն Գատըգիւղի ընտանիքի, վերջին ելոյթը ունեցաւ, Եկեղեցւոյ Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Առ ի գնահատութիւն Սէրթշիմշէքի եկեղեցանուէր գործունէութեանց եւ նկատի ունենալով իր Գատըգիւղաբնակ ըլլալու հանգամանքը, մեծարեալին շնորհեց ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ պատուոյ նշանը, ըսելով. «Դուք արդէն իսկ Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաբերդ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, Քրիստոսախոս Ս. Երուսաղէմի եւ անշուշտ Պոլսոյ դարաւոր Պատրիարքական Աթոռին բարձր գնահատութեանց արժանացած էք։ Այս բոլորին միացած են տակաւին բազմաթիւ Թեմակալ Առաջնորդներու ու հոգեւոր հովիւներու անհամար գնահատութիւններն ու օրհնութիւնները։ Այնուհետեւ, գնահատութիւններու հսկայ ծառերով զեղուն ձեր վաստակի անտառին մէջ ընդունեցէք Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասուն արտայայտութիւնները, որպէս նորածիլ ծառ։ Վասն զի «Ձեզի նման մշակ մը, արժանի է իր վարձքին»։ Այնուհետեւ Սահակ Սրբազան Հօր ձեռամբ մեծարեալին յանձնուեցաւ օրհնութեան գիրը, իսկ Արման Պիւքիւճեան՝ նշանը եւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ յուշապնակը։Իր սրտի խօսքը արտասանեց մեծարեալը եւ յայտնեց թէ չափազանց յուզուած ըլլալով, իր կեանքին երջանիկ պահերէն մին կ՚ապրէր։ Սէրթշիմշէք հանդիսութեան մասնակիցներուն եւ բարեկամներուն շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ըսաւ. «Որդիական ակնածանքով կու գամ շնորհակալութիւններս յայտնել Ամենայն Հայոց Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, որ իր հայրական գնահատանքով մեծապէս երջանկացուցած է նուաստս։ Շնորհակալութեամբ կը յիշեմ հանգստեան կոչուած Նորին Ամենապատուութիւն Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որուն միջնորդութեամբը արժանացած եմ Մայր Աթոռի բարձր գնահատանքին։ Վեհափառ Հայրապետի բարձր գնահատականին հովանիին ներքեւ կը համախմբուին բոլոր գնահատական արտայայտութիւնները»։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Ծառայութեան 55 Տարիներ» գիրքի պատրաստութեան օժանդակողներուն, մասնաւորապէս Եկեղեցւոյ Քարոիզիչ Հայր Սուրբին եւ Հոգեւոր Հովիւին։ Անգամ մը եւս հաստատեց թէ, եկեղեցիներ բարեզերարդելու պաշտօնը իր մեծագոյն ուխտն է եւ իր կարողութեան սահմաններով միշտ պիտի շարունակէ իր ծառայութեան ի փառս Աստուծոյ։Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Սրբազան Հօր հուսկ բանքով։ Սրբազան Հայրը գովեց Եկեղեցական կեանքի իւրայատուկ դէմքերէն մին եւ ըսաւ.« Հազուագիւտ պատահած դէպքով մը, համայնաքային դէմք մը իր ողջութեան օրերուն կը մեծարուի։ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք անունը այնքան հանրածանօթ դարձած է որ, երբեմն նոյնինքն եպիսկոպոսէ, վարդապետէ աւելի լսելի կը դառնայ իր անունը։ Եթէ եկեղեցւոյ մը մէջ իրեղէն պէտք է զիս չեն փնտրէր, այլ Մկրտիչը։ Ինք հաւատքը, գործի ճամբով ի գործ գրած է եկեղեցւոյ մէջ»։ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս շեշտեց թէ սոյն հանդէսը անգամ մը եւս պէտք է կրկնուի, այս անգամ Մկրտիչի կեանքի օրինակը ցոյց տալու համար մանուկներու եւ երիտասարդներու։
Հանդէսի աւարտին, ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ, մինչ այդ մեծարեալը մակագրեց իր գիրքերը։