ՄՈՆՍ. ՖՐԱՆՍՈՒԱ ԵԱՔԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Միջեկեղեցական

keldaniԳաղդէացի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Քորեպիսկոպոս Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան, 9 Մայիս 2014, Ուրբաթ, ժամը 13.00-ին Պատրիարքարան այցելեց եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Քորեպիսկոպոս Մոնս. Ֆրանսու Եաքան, Արամ Արքեպս.ի անձին մէջ շնորհաւորեց Հայ Համայնքի Ս. Յարութեան Տաղաւարը։ Նաեւ յայտնեց թէ Քաղդէացւոց Պատրիարքը պիտի այցելէր քաղաքս եւ 18 Յուլիսին կը փափաքէր քաղաքավարական այցելութիւն տալ Հայոց Պատրիարքարանը։ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այս այցելութեան համար եւ փոխադարձաբար շնորհաւորեց Քաղդէացւոց Ս. Յարութեան Տաղաւարը։ Նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց լսելով Քաղթէացւոց Պատրիարքի այցելութեան մասին եւ մաղթեց հիւրընկալել զայն Պատրիարքարանի երդիկին տակ։