ՄՈՐԻՍ ԼԷՒԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լէւի 11 Յուլիս 2018, Չորեքշաբթի, 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան և ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան և Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու։

MORIS LEVI RESIM
Մօրիս Լէւի պաշտօնի ձեռնարկելէն ետք իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տար։ Ան համայնքային հարցերուն մասին տեղեկութիւններ ալ խնդրեց։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար ևյաջողութիւն մաղթեց իր պատասխանատու պաշտօնին ու առաքելութեան մէջ։