ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

odul toreniՊատրիարքական Աթոռոյ նախաձեռնութեամբ, 12 Յունիս 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 18.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հիւրասիրուեցան համայնքային վարժարաններու աւարտական դասարաններու կրօնագիտութեան դասի յաջողագոյն աշակերտները, իրենց ծնողները, ուսուցիչներն ու տնօրէնները։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի առընթեր ներկայ էին Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Վիեննական Մխիթարեան ուխտէն Գերյ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ եւ ըսաւ թէ՝ այլեւս աւանդականի վերածուած այս հանդիսութիւնը գեղեցիկ առիթ մըն է համայնքի հոգեւոր կեդրոնի երդիքին տակ մէկտեղուելու համար։ Նորին Սրբազնութիւնը աշակերտներուն յիշեցուց թէ՝ անոնք համայնքին ապագան են։ Այս առումով, իրենց յաջողութիւնը ո՛չ միայն պիտի ուրախացնէ իրենց ծնողները, այլ նաեւ Պատրիարքական Աթոռը։ Ան, շեշտեց կրօնագիտութեան դասին կարեւորութիւնը, մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ։ Թելադրեց հաւատարիմ մնալ մեր հոգեւոր արժէքներուն եւ եկեղեցիին։ Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ նաեւ թէ համայնքային վարժարաններու մէջ կրօնագիտութիւն կը դասաւանդէ հոգեւորական մը՝ յանձին Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Գերյ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Ճիշտ է թէ ուսուցիչներ բարեացակամութեամբ կը ջանան, կրօնական գիտելիքները աշակերտներու փոխանցել, սակայն, կրօնքի դասաւանդութեան, հոգեւորականի մը աւանդելը, աւելի օգտկար կ՚ըլլար աշակերտներու հոգեւոր զարգացման համար։ Ան, մաղթեց որ նման հոգեւորականներու թիւը բազմանայ։ Նորին Սրբազնութիւնը, իր գնահատանքը յայտնեց վարժարաններու կրթական մշակներուն, որոնք իրենց աշակերտներուն կը փոխանցէին մեր հաւատքի արժէքները։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատած էին այս հանդիսութեան կազմակերպութեան։

Յանուն ներկաներու արտայայտուեցաւ Մխիթարեան ուխտէն Գերյ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան աւանդութեան վերածուած այս կարեւոր ձեռնարկին համար։ Ան, շեշտեց կրօնքը իւրացնելու կարեւորութեան, որուն համար ամենակարեւոր տարրն է ընտանիքը։ Անոնք, պէտք է քաջալերէն իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք կրօնքը ըմբռնեն որպէս կեանքի կարեւորագոյն արժէքներէն մին, որով միայն կարելի կ՚ըլլայ յաւիտենական կեանքը երջանկութեան հասնիլ։ Իր խօսքերուն աւարտին, շնորհաւորեց ներկայ աշակերտները, իրենց ծնողներն ու ուսուցիչները։

Ապա կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, նախ լիսէներու, ապա նախակրթարանի շրջանաւարտներուն, ըստ հետեւեալի.

  • Անարատ Յղութիւն Վարժարանէն Արման Մարազեան,
  • Արամեան Ունճեան Վարժարանէն Երազ Սարաչօղլու,
  • Գալֆայեան Վարժարանէն Այլին Էօճալ,
  • Գարակէօզեան Վարժարանէն Սելինա Չամ, Աչար Սավուլեան, Մելինա Աբրահամեան եւ Լարա Տէմիրճի,
  • Եշիլգիւղի Վարժարանէն Սարին Լորտ եւ Տենչալի Ինանըր,
  • Էսաեան Վարժարանէն Ճան Չիղտէմ, Մարկարիթա Սարտարեան, Լարիսա Էօզտէմիր (Լիսէ),Սէրլի Ժպիտ Մայըսօղլու (Լիսէ), Գարօլին Գալուստեան (Լիսէ), Լէթիսիա Արմաղան (Լիսէ) եւ Սէրճան Սէրտար Արզուման (Լիսէ),
  • Թարգմանչաց Վարժարանէն Տանթէ Մէվլաթ, Սելին Գանթարճըօղլու եւ Գառլա Գոփարան,
  • Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանէն Սերտա Էօզչէլիք,
  • Մէրամէթճեան Վարժարանէն Մէրի Գուզուճու,
  • Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանէն Լարա Գարակէօզեան, Շահին Տիքմէն (Լիսէ), Տիլարա Արթուն (Լիսէ) եւ Բարին Արսլանեան (Լիսէ),
  • Վենետիկեան Մխիթարեան Վարժարանէն Օննիկ Թավուքճու,
  • Պէզճեան Մայր Վարժարանէն Թալին Ագպաշ եւ Ժիլպէռ Պօղուս,
  • Սահակեան Նունեան Վարժարանէն Մէլինա Զէնկիլ, Լինա Զէնկիլ, Ռօտա Սուրէն Այազ, Նարին Ուսթաօղլու (Լիսէ), Նատին Եըլմազ (Լիսէ) Արտա Գայա (Լիսէ) եւ Ահթամար Արըք (Լիսէ)
  • Տատեան Վարժարանէն Թինա Փօլատ եւ Տիգրիս Գօյունճու,
  • Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Վարժարանէն Աննա Նալպանտ եւ Նորա ԹոսիալըՕրհնութեան գրերու հետ աշակերտներուն յանձնուեցան սեղանի խաչեր, Սուրբ Գիրքեր եւ Պատրիարքարանի հրատարակած գիրքեր։

Ապա ներկաներ հիւրասիրուեցան կոկիկ սեղաններու շուրջ։

odul 14

 

  • odul 5
  • odul 6
  • odul 7
  • odul 8
  • odul 10
  • odul 12
  • odul 13