ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ, 5 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ, ժամը 16.00-ին, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի նախագահութեամբ, յայտնի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։

Մշակութային այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Հայր Աբրահամ Վրդ. Ֆրատեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարաքաշեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդէն եւ Գերեզմանատան Յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ, Ուսուցչաց Միութեան Ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ ընկերները, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի Տնօրէն Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի գլխաւորութեամբ կրթական մշակներ ու աշակերտներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւն մը։

Բացման արարողութիւնը սկիզբ առաւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ։ Տեղապահ Սրբազան Հօր գլխաւորած թափորը, գերեզմանատան մուտքէն ուղղուեցաւ դէպի գերեզմանատան հրապարակը, ուր կը գտնուէր Յակոբ Պարոնեանի նորակերտ արձանը։ Այնուհետեւ, կատարուած հանգստեան արարողութեան աւարտին վերցուեցաւ արձանի քօղը եւ ներկաներ տեսան հսկայ արձանը։ Արձանի առջեւ կը գտնուէր նաեւ մարմար մը, որուն վրայ քանդակուած էր Տքթ. Իգնա Սարըասլանի, Պարոնեանի ձօնած յիշատակի գրութիւնը։

Հոգեւոր արարողութեան աւարտին, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի պատրաստած կոկիկ յայտագիրը գործադրուեցաւ։ Վարժարանի ուսուցիչներէն Տիանա Պուլտուք, ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց աշակերտները, որպէսզի ներկայացնեն Յակոբ Պարոնեանի կենսագրութիւնն ու խօսքերը։ Ապա, իր խօսքը ուղղեց յայտնի արուեստագէտ Պօղոս Չալկճեան եւ ներկայացուց Պարոնեանի երգիծական ոճը ու հանդէս եկաւ «Քաղաքավարութեան վնասները» գործէն հատուածով մը։ Ներկաներ զուարճանալով հետեւեցան սոյն բաժնին։ Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ, ծրագրի բարերար Սարգիս Քիւլէկէչ ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու մաղթեց որ Յակոբ Պարոնեանի յիշատակը միշտ վառ մնայ ժողովուրդին մէջ։

2019 BARONYAN 1

Հանդիսութեան հուսկ բանքը արտասանեց ու ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Այս առթիւ ան յիշեցուց թէ նման անձերը, ժողովուրդով իմաստ շահած են։ Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Պարոնեան, Հայոց գրականութեան թափ ստացած Զարթօնքի շրջանի գրողներէն է եւ ապրումներն ու տեսածները իրեն ներշնչած են։ Իր գլխաւոր գործը եղած է, դիտել, քննել եւ ուղղել։ Ան, լաւը գնահատած է, իսկ տեսած թերութիւնները երգիծանքը օգտագործելով քննադատած է։ Ընդհանրապէս իր շրջանի մարդիկը շատ ալ չեն հանդուրժած նման ոճի մը, բայց իր յաջորդները մեծ հիացումով ու զուարճանալով ընթերցած են իր գործերը։ Մենք մեր արժէքները, միշտ մեր աչքերուն առջեւ պէտք է ունենանք որպէսզի չմոռնանք զանոնք։ Այնուհետեւ, Պարոնեանի արձանը տեւաբար պիտի յիշեցնէ իր ներկայութիւնը եւ այցելուներ այստեղ պիտի յիշեն Պարոնեանի երգիծանքը»։

Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, թելադրեց կարդալ Պարոնեանի երկերը եւ խնդալով սորուիլ իրենց մշակոյթը։ Այս առթիւ շնորհաւորեց զանոնք, ինչպէս նաեւ գնահատեց բարերար Սարգիս Քիւլէկէչը եւ Էրօլ Սարաֆեանը։

2019 BARONYAN KAPAK

Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ հրուշակ, որուն վրայ կը զետեղուած էին Պարոնեանի նկարն ու խօսքերէն ոմանք։