ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Ի ՄԱՍԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Ծանօթ է, թէ մերազն հաւատացելոց, թէ Քորոնա Ժահրի համավարակի պատճառաւ 16 Մարտ 2020 թուականէն ի վեր Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ ու առաջնորդութեամբ Աթոռս կը շարունակէ առաքելութիւն մը։ Կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութեան ձեռք կ’երկարէ ու կ’ապահովէ սննդեղէն ու մաքրութեան համար զանազան իրեր։ Այս օգնութիւնը վերածուեցաւ համայնքային լայնատարած օժանդակութեան մը՝ համայնքիս անդամներուն, համայնքային ու թաղային մարմիններու սրտաբուղխ ու առատաձեռն նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ։

Այս ուղղութեամբ հանրութիւնը նախապէս տեղեակ պահած էինք կատարուած աշխատանքներու բնոյթին մասին եւ հաղորդած՝ սննդեղէններու քանակին մասին։ Արդէն առաքման երկրորդ բուլն ալ վերջացած է ու հիներու կողքին կը շարունակուին նոր արձանագրութիւններ եւս ընդունուիլ։

Այս օգնութեան աշխատանքներուն վրայ անցեալ շաբաթ բարդուեցաւ նաեւ փոքրիկն Նարէի առողջական լուրջ ու անյետաձգելի վիճակը եւ վիրահատման կարիքը։ Այս մասին եւս ինքնաբուխ ու առատաձեռն օժանդակութիւններ գոյացան արագօրէն՝ կրկին Աթոռոյս առաջնորդութեամբ։

Ստորեւ համայնքիս ու համայնքային մարմիններու ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք ելեւմտից ամփոփ հաշուեցոյց մը։ Ի մօտոյ նուիրատուներու մասին պիտի փոխանցուին նաեւ մանրամասնութիւններ։

COVID ve NARE GELIR GIDER

 

Կու գանք անգամ մը եւս Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնները փոխանցել համայնքիս գիտակից ու հաւատացեալ անդամներուն, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնեցին կարիքաւորներուն՝ ցոյց տալով թէ իրենց հաւատքը կենդանի է (հմմտ Յակ. 4.14-20)։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ