ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՄԱՍԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, թէ տարւոյս Մարտ ամիսէն ի վեր Քորոնա Ժահրի համավարակի պատճառաւ ամբողջ աշխարհ կ’ապրի տագնապ մը։ Նոյն տագնապին մէջ է նաեւ ամբողջ Թուրքիա եւ բնականաբար մեր համայնքային կեանքը։

 

Այս առթիւ պետութիւններ զանազան օժանդակութեան միջոցներով կը փորձեն նեցուկ կանգնիլ իրենց հայրենակիցներուն՝ զանազան ոլորտներէ ներս։ Ի տես այս բոլորին, Պատրիարքական Աթոռը եւս՝ առաջնորդութեամբ ու հովանաւորութեամբ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, առաջին օրէն սկսեալ փորձեց սպեղանի հանդիսանալ մերազն ժողովուրդի զաւակներուն՝ աջակցութեամբ համայնքային հաստատութեանց ու շնորհիւ ժողովուրդի հաւատքի ինքնափուխ լումաներուն՝ յատկապէս կարիքաւորներու սննդեղէն ապահովելով ու բարոյական միջոցներով։

 

Ժահրի աւերները չեղան միայն առողջական, այլ նաեւ նիւթական լուրջ ցնցումներ արձանագրեց մեր համայնքը այս օրերուն եւ տակաւին կը շարունակէ ապրիլ նիւթական նեղութիւններ։ Վաղուան տեսանելի ձախորդ օրերը յաղթահարելու համար միութիւնն ու միասնականութիւնը ամենակարեւոր միջոցն է։

 

Մեր օրակարգի վրայ ունինք վարժարաններու ելեւմտից լուրջ հարցեր։ Ահազանգ կը հնչեցնէ մեր կրթական կեանքը։ Մամլոյ հաստատութիւնները չեն արտայայտուիր, սակայն կը դիմագրաւեն ճգնաժամային օրեր։

 

Կամօքն Աստուծոյ պիտի վերապրինք ու նոր կեանք մը կը սպասէ բոլորս։ Այս նոր կեանքին մէջ եթէ կը փափաքինք, որ մեր կրթական օճախներն ու մշակութային հաստատութիւնները շարունակեն գոյատեւել՝ անհրաժեշտ է, որ մեր նպաստը բերենք այս ոլորտէն ներս եւս։

 

Դպրոցներու համար արդէն իսկ կը շարունակուին աշխատանքներ։

 

Իսկ մեր մշակոյթը կերտող ու վառ պահող ամենակարեւոր հաստատութիւններէն է Հայ Մամուլը։

 

Աւելի քան երկու հարիւր տարիներ առաջ, երբ հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ հիմնուեցաւ Ազդարար թերթը, նոյնը չէր համայնքային կեանքը։ Այս երեւոյթը աւելի պարզուեցաւ, երբ հայ թերթի կեդրոններ բազմացան ամէնուրեք։ Այս կեդրոնններու կարեւորագոյններէն եղաւ պատմական կայսերանիստ մեր քաղաքը՝ այժմու Ստանպուլը, որ այսօր ունի երկու օրաթերթ եւ պարբերաթերթեր։ Անոնք են, որ մեր առօրեայ կեանքը կը բերեն Հայ տուներէ ներս։ Անոնք, ջանալով վառ պահել Մեսրոպեան ջահը, մեր օրաթերթերը ամէն իրիկուն մեր բնակարաններէն ներս կը բերեն ողջ հայաշխարհը, ընդ որս Հայ գիրն ու գրականութիւնը։ Իւրայատուկ տեղ ունին նաեւ մեր պարբերականները՝ անոնք ըլլան շաբաթաթերթ, ամսաթերթ եւ այլն։ Այս բոլորի բացակայութիւնը կ’առաջնորդէ բարոյական ու մշակութային նսեմացման։

 

Ի տես այս իրականութեան, Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հայրը ի հեճուկս Պատրիարքական Աթոռոյ անցուկ նիւթական իրավիճակին, Աթոռոյս արկղէն տնօրինած է հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարել Հայ Մամլոյ մարմիններուն.

Ժամանակ Օրաթերթ՝ 10 հազար ԹԼ, Մարմարա Օրաթերթ՝ 10 հազար ԹԼ, Ակօս Շաբաթաթերթ՝ 7 հազար ԹԼ, Լոյս Երկշաբաթաթերթ՝ 7 հազար ԹԼ, Փարոս Ամսաթերթ՝ 6 հազար ԹԼ։

 

Նորին Ամենապատուութիւնը կը թելադրէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Համայնքային ու Թաղային մարմիններուն ու կը քաջալերէ զիրենք, որպէսզի անոնք եւս պտղունց մը աղ խառնեն մշակութային կեանքին։ Իր հայրական օրհնութիւններն ու գնահատանքը կը փոխանցէ այս ուղղութեամբ բոլոր ազնիւ նուիրատուներուն։

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ