ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

Կու գանք տեղեկացնել մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն, թէ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Հօր Գահակալութեան ու Պատրիարքական Անդրանիկ Ս. Պատարագի արարողութիւնները Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ տեղի պիտի ունենան ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցի՝

 

Գահակալութիւն՝

11 Յունուար 2020, Շաբաթ, ժամը՝ 16.00-ին ,

 

Անդրանիկ Ս. Պատարագ՝

12 Յունուար 2020, Կիրակի, ժամը՝ 10.00-ին

 

Տաճարի տարողութեան ու սահմանափակ տեղ գտնուելուն պատճառաւ, Ս. Որդւոց Որոտման Տաճարի մէջ արարողութիւնը պիտի տեսասփռուի նոյնութեամբ։

 

Մերազն Ժողովուրդի անդամները սիրով կը հրաւիրուին մեր Հոգեւոր Պետին Գահակալութեան պատմական հանդիսութեանց եւ աղօթակցելու վասն անսասանութեան Սրբոյ Աթոռոյս եւ կենաց՝ Նորին Ամենապատուութեան։

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ